Թրքական Գաղտնի Սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի Պատմութիւնը

MITՕմեր Այմանլի թրքական «Ուորլտ Պուլեթին» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ապտիւլհամիտ Բ. սուլթանը, Օսմանեան կայսրութեան ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն լոյսին տակ, հիմնած է Թուրքիոյ տեղեկահաւաքի առաջին արդի գործակալութիւնը: «Եըլտըզ» տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան հաստատման նպատակը եղած է պետութեան եւ անոր վարչակազմին դէմ դաւադրութիւնները բացայայտել: Այս գործակալութեան գործունէութիւնը 33 տարի ետք դադրեցուած է, երբ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը Ապտիւլհամիտ Բ-ը հեռացուցած է իշխանութենէն: Յեղաշրջումէն ետք նշեալ տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան պատկանող 100,000 էջ փաստաթուղթեր պալատէն դուրս բերուելով` հրկիզուեցան:

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն կայսրութեան մէջ աշխուժացող եւ հետզհետէ աճող անջատողական խմբակներու դիմակայման համար տեղեկահաւաքի ծառայութիւնը բարելաւելու յաւելեալ քայլեր առնուած են: Պալքաններու մէջ աղէտալի աւարտ մը ունեցած արշաւէ մը ետք, անոնք լաւ գաղտնի սպասարկութեան մը կարեւորութիւնը հասկցած են, ուստի 17 նոյեմբեր 1913-ին հիմնած են «Թեշքիլաթը մահսուս»-ը:

Նոր կազմակերպութիւնը երեք տարուան ընթացքին իր աշխատակազմին թիւը բարձրացուցած է երեսուն հազար գործակալներու, որոնք տեղաւորուած տարբեր բաժանմունքներու մէջ եւ տարածուած` ամբողջ կայսրութեան տարածքին եւ արտասահմանի մէջ: Ըստ յօդուածագրին, այդ գործակալներուն շարքին եղած են բժիշկներ, ճարտարապետներ, լրագրողներ, քաղաքագէտներ, զինուորներ եւ հրոսակներ (հեղինակը զարմանալի կերպով մոռցած է նշելու բանտերէն ազատ արձակուած ոճրագործներն ու մարդասպանները «Հ»): Կայսրութեան երեք ցամաքամասերուն վրայ գտնուող գործակալները Պոլսոյ Տուրուօսմանիյէ շրջանին մէջ գտնուող կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին հրամանատարութեան տակ եղած են: Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին անոնք Պենկազիի, Թրիփոլիի, Պասրայի եւ Եգիպտոսի մէջ հրոսակախումբեր կազմակերպած են: Այմանլի կը նշէ, որ կայսրութեան վերջին տարիներուն անջատողական տարրերու դէմ հասարակութեան միութիւնը ապահովելու իր ջանքերուն ընթացքին «կազմակերպութիւնը իսկապէս արդի գաղտնի սպասարկութեան մը ձեւով գործեց»:

Օսմանեան կայսրութեան տապալումէն ետք Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարները ստիպուեցան փախուստ տալ: Կուսակցութեան ղեկավար Թալէաթ փաշան փախուստի դիմելէ առաջ վերջին հրաման մը տուած է: Ան հիմնադրած է գաղտնի կազմակերպութիւն մը, որ «ազգային պայքարին» մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Անոր անդամները Պոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ զէնք, զինամթերք եւ զինուորներ մաքսանենգած են: Անատոլուի շրջանին մէջ եւս բազմաթիւ նոյնպիսի խմբակներ կազմուած են:

23 սեպտեմբեր 1923-ին, այդ խմբակներէն մէկը, որ ծանօթ էր «Համզա» անունով, Անգարայի մէջ թրքական խորհրդարանին կողմէ իբրեւ պաշտօնական գաղտնի սպասարկութիւն ճանչցուած է: Սակայն, երբ անգլիացիները գաղտնազերծած են տեղեկութիւններու փոխանցման համար խմբակին օգտագործած գաղտնագիրը, անոր անդամները այլ անունի տակ համախմբուած են: Անոնք իրենց կազմակերպութիւնը կոչած են տարբեր անուններով, ինչպէս` «Մուճահիտ», «Մուհարիպ» եւ «Ֆելահ»: Հուսամեթին Էրթուրքին եւ Ֆեւզի փաշային կողմէ կազմուած է մէկ այլ կազմակերպութիւն մը, որ ծանօթ էր «Մութաֆաա-ի միլլի» կամ «Միմ Միմ» կրճատուած անունով: Անոր անդամները երկրին տարածքին զէնքեր, զինուորներ եւ զինամթերք մաքսանենգած են եւ թշնամիներու կեդրոններէն ձեռք բերուած տեղեկութիւններ Անգարափոխանցած են:

«Ազգային պայքար»-ի ընթացքին Ռազմական ոստիկանութիւն կազմակերպութիւն անունով տեղեկահաւաքի գործակալութիւն մը կազմուած է արեւմտեան ճակատին վրայ, սակայն անոր գործակալներուն ոչ արհեստավարժ վարմունքին պատճառով մէկ տարի ետք փակուած է: 1921-ին զայն փոխարինած է Հետաքննութեան իշխանութեանց վարչութիւնը, սակայն կարճ ժամանակ ետք լուծարուած է: Մուտանիայի զինադադարէն Լոզանի դաշնագիր երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին այս մարզին մէջ առաջնակարգ դերակատարութիւն ունեցած է «Էրքանը Հարպիէի Ումումիէ Ռիասէթի»-ն:

Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Ֆեւզի փաշային հրամայած է տեղեկահաւաքի նոր գործակալութիւն մը ստեղծել: 6 յունուար 1926-ին ստեղծուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, որ կցուած է «Էրքանը Հարպիէի Ումումիէ Ռիասէթ»-ի գրասենեակին: Ֆեւզի փաշան անոր ստեղծման մասին խօսելով` կը նշէ, որ այդ գործակալութեան կեդրոնատեղին Անգարայի մէջ էր եւ ունէր Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Ատանայի, Տիգրանակերտի եւ Կարսի մէջ մասնաճիւղեր, որոնք ուղղակի կերպով կապուած էին կեդրոնատեղիին` աւելցնելով, որ` «այսուհետեւ, տեղեկահաւաքի ծառայութիւնները, որոնք բանակային սպաներու կողմէ կը կատարուէին, այս կազմակերպութեան կողմէ պիտի կատարուին»:

Այս քայլէն ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին գերմանական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար զօր.Վալթեր Նիքոլայը Թուրքիա հրաւիրուած է: Վերջինիս կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին ընդունումէն ետք, համաձայնութիւն գոյացած է թուրք գործակալներ ուղղարկելու Գերմանիա, ուր անոնք անձնապէս գերմանացի զօրավարին կողմէ կը մարզուին: Դասընթացքները սկսած են մարտ 1926-ին:

Մինչ կազմակերպութեան կանոնագրութիւնը կը բանաձեւուէր, զինուորներ եւ քաղաքայիններ տեղեկահաւաքի շուրջ խորհրդաժողովներ կը կատարէին: Տարուան աւարտին կազմակերպութիւնը չորս բաժանմունքներու բաժնուած է Ա) տեղեկահաւաք, Բ) պաշտպանութիւն, Գ) քարոզչութիւն եւ Դ) թեքնիք օժանդակութիւն:

1932-1939-ի կազմակերպութիւնը սկսած է աւելի սերտօրէն գործակցիլ ապահովական մարմիններուն հետ, մինչեւ որ 1939-ին ամբողջական կերպով զետեղուած է ապահովական մարմիններու հրամանատարութեան տակ: 1960-ին կցուած է Ազգային անվտանգութեան վարչութեան եւ 1965-ին վերանուանուած Ազգային տեղեկահաւաքի կազմակերպութիւն (Միլլի Իսթիհպարաթ Թեշքիլաթը-ՄԻԹ):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )