Զօր. Քահուաժի Ղոսընի Ներկայացուց Սէուտական Արաբիա Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Ղոսըն եւ զօր. Քահուաժի

Ղոսըն եւ զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին վերաբերող այլ հարցեր:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին կողմէ զօր. Քահուաժիի ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին բանակի հրամանատարը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան գաղութին նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վարուելակերպը:

Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանան իր պատմութեան մէջ զգայուն հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` նկատի ունենալով իր շրջապատին եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ունեցած ուղղակի հետեւանքները:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ այդ կացութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրավիճակին վրայ, «սակայն հակառակ այս բոլորին, լիբանանցիները կառչած կը մնան իրենց միասնականութեան եւ նեցուկ կը կանգնին բանակին: Իսկ բանակը իր կարգին կը շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ պատրաստ է ձախողեցնելու Իսրայէլի բոլոր ծրագիրները»:

 

Share this Article
CATEGORIES