Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Թամմամ Սալամը Եւ Շարպելի Հետ Քննարկեց Հերմելը Թիրախ Դարձուցած Պայթումին Կապուած Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նախագահական պալատ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, որ քննարկեց Հերմելի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումին մասին նոր տուեալները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զօր. Քահուաժիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան արդիւնքները` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք սէուտական երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը, որով բանակին պիտի յատկացուին ֆրանսական զէնքեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ եւ նախկին երեսփոխան Էլիաս Սքաֆ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

