Շուէյֆաթի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը, Որ Սպաննեց Իր Հեղինակը

Choueifat--2Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Շուէյֆաթի Ռիշանի կայանին մօտ պայթեցաւ սպիտակ «Հիունտայ» տիպի մինի վան մը` անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով:

Անձնասպանական գործողութիւնը, որ իր ձեւին մէջ նորութիւն էր, պատճառեց միայն իր հեղինակին սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ, որոնք փոխադրուեցան Քամալ Ժոմպլաթի անուան հիւանդանոցը:

Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, քաղաքացիներ փոխադրող մինի վանի մը մէջ գտնուող անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը կատարած է այդ գործողութիւնը եւ վիրաւորած մինի վանին վարորդը եւ այլ ուղեւոր մը:

Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուած է ականուած գօտի մը պայթեցնելու միջոցով` աւելցնելով, որ գօտին կը կշռէր հինգ քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:

Մինի վանին վարորդը` Տիպ Մշէյք, ծանրօրէն վիրաւորուած էր, իսկ Ամալ Մաժիտ Ահմատիէ` թեթեւօրէն:

Պայթումէն ետք բանակը եւ ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու Կարմիր խաչը անմիջապէս ժամանեցին դէպքին վայրը, ուր անոնք սկսան իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն` շրջափակելով պայթումին վայրը եւ հոն հաւաքուած քաղաքայիններէն խնդրելով հեռանալ այդ վայրէն:

Աւելի ուշ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրի որոշումով դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուեցաւ եւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքը ուղղուեցաւ Շուէյֆաթ` կատարելու համար իր պարտականութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելու միտումով

անոր հեղինակը մինի վան բարձրացած է եւ քանի մը վայրկեան ետք ինքզինք պայթեցուցած:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի տարածքին արձանագրուող ահաբեկչութիւններուն պատճառը Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմն է` նախատեսելով, որ Լիբանանը հարուածող պայթումներու տեսաշարը շարունակուի` տիրող դժուար կացութեան պատճառով:

Շրջանառութեան մէջ դրուեցան նաեւ տեղեկութիւններ, թէ մինի վանի վարորդը կասկածած է իր մօտ նստող «ուղեւոր»-էն եւ այդ կասկածները մղած են, որ անձնասպանը իսկոյն կատարէ իր գործողութիւնը, որ հաւանաբար այդ շրջանին համար չէր ծրագրուած:

Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց անձնասպանական գործողութեան հեղինակը Շուէյֆաթ փոխադրած թաքսիի վարորդը եւ մինչեւ ուշ գիշեր հարցաքննեց զայն:

Շուէյֆաթի քաղաքապետը դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ անիկա ազգային միասնականութեան դէմ հարուած մըն է:

Պայթումին վայրը ժամանեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար, որ յայտնեց, թէ միջազգային ընտանիքը կը կրէ ահաբեկիչներուն Լիբանան մուտքը ապահովելու պատասխանատուութիւնը: Ան շեշտեց, որ Շուէյֆաթը հարուածող ոճիրը մաս կը կազմէ շրջանն ու Լիբանանը թիրախ դարձնող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:

«Մեզմէ կը պահանջուի իրարու նկատմամբ յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ օժանդակել բանակին` ահաբեկիչներուն դիմաց դռները փակելու նպատակով: Անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներուն նպատակը պարզապէս ոճիր գործել է, հետեւաբար մենք այս կացութեան պէտք է դէմ դնենք ապահովական մեր հաստատութիւնները ամրապնդելով եւ ահաբեկիչներուն աջակցող երկիրներուն վրայ ճնշում բանեցնելով», ըսաւ Ամմար:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան ներքին ճակատը ամրապնդել` աւելցնելով, որ համախմբող կառավարութեան մը կազմութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ապահովական կառոյցներէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց խիստ պատիժներու ենթարկել պայթումները գրգռող եւ գործող կողմերը:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի. անոնց առօրեան վտանգի ենթարկուած է, եւ այս իրողութեան պատճառը Լիբանանի շուրջ տիրող պայմաններն են:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Լիբանանը հարուածող ապահովական խախտումներուն դէմ դնել համախմբող կառավարութիւն մը կազմելով:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց անձնասպանական գործողութիւնը:

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց Շուէյֆաթը թիրախ դարձուցած պայթումը` նշելով, որ անիկա վայրագ գործողութիւն մըն է, որ կը միտի սարսափեցնել լիբանանցիները:

ԵՐԷԿ կէս գիշերէն ետք Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը ստանձնեց Շուէյֆաթի պայթումին պատասխանատուութիւնը: Խմբաւորումը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ անձնասպանական գործողութիւնը թիրախ դարձուց դէպի Հըզպալլայի անցարգել մը ուղղուող մարդատար պաս մը:

Հաղորդագրութիւնը պնդեց, որ պասը պայթեցուեցաւ Հըզպալլայի անցարգելներէն մէկուն առջեւ: Անձնասպանական գործողութիւնը, ըստ Ժապհաթ Նուսրայի, պատճառ դարձաւ պասի բոլոր շիի ուղեւորներուն սպանութեան: Սպաննուեցան նաեւ անցարգելի հսկողութիւնը կատարող տարրերը` թիւով 10 հոգի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )