«Մենք Կովկասի Եւ Մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կ՛աշխատինք» Կ՛ըսէ Քերրի

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 1 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին ուղղութեամբ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Աշխարհի վրայ չկայ տեղ մը, ուր Միացեալ Նահանգներ կը նահանջեն: Մենք աշխուժ, խորապէս ու հետեւողական կերպով կ՛աշխատինք բոլոր տեղերուն մէջ, եւ մեր նպատակը իրական փոփոխութեան հասնիլն է: Կիպրոսի մէջ մենք աննկատ կ՛աշխատինք: Դուք ատոր մասին չէք լսեր: Կ՛աշխատինք նաեւ Կովկասի մէջ, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
CATEGORIES Հայկական

