«Սահմանագիծին Վրայ Զինադադարի Խախտումները Մտահոգիչ Են» Ըսաւ Քասփրչիք

Անճէյ Քասփրչիք
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ զինադադարի խախտման դէպքերն ու հայ-ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ արձանագրուած կորուստները մտահոգիչ են:
Ըստ անոր, իւրաքանչիւր կորուստ ողբերգութիւն մըն է, որ կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով զինադադարի դրութեան:
«Ցաւօք, վերջին շաբաթներուն ընթացքին իրավիճակը աւելի սրուած է», ըսած է Քասփրչիք` նշելով, որ սահմանագիծ այցելութեան ընթացքին ինք ականատես եղած է լարուածութեան աճին:
«Հակառակ անոր որ երկու կողմերէն ալ տեղւոյն հրամանատարները երաշխաւորած էին, որ մնայուն հսկողութեան ընթացքին զինադադարի խախտում պիտի չըլլայ եւ խումբը անվտանգ պիտի ըլլայ, կրակ բացուեցաւ», ըսած է ան:
Քասփրչիք նշած է, որ զինադադարի դրութեան պահպանման համար պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ երկու կողմերուն վրայ:
«Մինսքի խմբակի համանախագահները Փարիզի մէջ երկու կողմերուն կոչ ուղղած էին պահպանելու զինադադարի համաձայնագիրի պայմանները: Համանախագահները նշած են, որ վերջին իրադարձութիւնները կը խոչընդոտեն բանակցութիւնները եւ կը նուազեցնեն խաղաղ լուծման հեռանկարը», ըսած է ան:

