Պորտիւժա Եւ Սթուտենիքին Հայաստան Պիտի Այցելեն

Պորտիւժա եւ Սթուտենիքին

Պորտիւժա եւ Սթուտենիքին

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի հրաւէրով 4-5 փետրուարին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պորտիւժային կ՛ուղեկցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միացեալ գրասենեակի պատասխանատու Ալեքսանտր Սթուտենիքին:

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ քարտուղարի հաղորդագրութեան համաձայն, նախատեսուած են Նիքոլայ Պորտիւժայի հանդիպումները նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES