Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւնները Շրջանառութեան Մէջ Պիտի Դնեն Կազի 300 Միլիոն Տոլարի Պարտքին Վերաբերող Որոշման Նախագիծը

photoԱզգային ժողովի 4 ոչ իշխանական խմբակցութիւնները գարնանային նստաշրջանի սկիզբը Ազգային ժողովի քարտուղարութեան պիտի յանձնեն 44 եւ աւելի ստորագրութեամբ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան հարցեր, թէ ուրկէ՛ ի՛նչ պայմաններու մէջ գոյացած է 300 միլիոն տոլարի պարտքը, որուն մասին յայտնի դարձաւ միայն այսպէս կոչուած «կազային» համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք:

Հանդիպումները կը վերաբերին պայմանագիրներու բոլոր մանրամասնութիւններուն:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնք»-ին համաձայն, եթէ քառօրեայ նիստի սկիզբը, մինչեւ նստաշրջանի սկիզբը հաւաքուին 44 ստորագրութիւններ եւ յանձնուին Ազգային ժողովի քարտուղարութեան, հարցը ինքնաբերաբար կը մտնէ քննարկման` անկախ անկէ, թէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկէ՞, թէ՞ չ՛ենթարկեր տուեալ նիստը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան այդ հարցը պէտք է անպայման քննարկման դնէ:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի չորս ոչ իշխանական ուժերը, որոնք օրինակ` «Կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի» շարք մը դրոյթներուն հակասահմանադրականութեան հարցով դիմած են Սահմանադրական դատարան, կ՛երկմտին «կազային համաձայնագիրներու հարցով» դիմելու գծով` մեկնելով շարք մը նկատառումներէ:

Աւելի գերիշխող է այն տեսակէտը, որ չ՛արժեր նշեալ հարցով Սահմանադրական դատարան դիմել, քանի որ այդ ձեւով անոնք մէկ կողմէ յաջորդ իշխանութիւններուն համար կարելիութիւն կը ստեղծեն խայտառակ այդ հոլովոյթը ետ շրջել, իսկ միւս կողմէ` եթէ երկրին դատական բարձրագոյն ատեանը վերջնական որոշում տայ` յայտարարելով, որ այդ համաձայնագիրներու քուէարկութիւնը օրինական է, էապէս կը թուլնայ հետագային հայ-ռուսական համաձայնագիրները վիճարկելու կարելիութիւնը:

Ըստ Tert.am-ի տեղեկութիւններուն, Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւնները այս ընթացակարգով իւրաքանչիւր քառօրեայի սկիզբը շրջանառութեան մէջ պիտի դնեն որոշման նախագիծ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )