Մինասեան. «Կառավարութեան Յաճախակի Գործուղումներուն Հետեւանքով Պատգամաւորներուն Պատշաճ Տեղեկատուութիւն Չէ Տրամադրած»

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ «Նայիրիտ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը, որ կ՛առնչուէր ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման, Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը կ՛ակնկալէր ստանալ կառավարութենէն, կը սպասէր, որ կառավարութիւնը ներկայացնէ պատշաճ տեղեկատուութիւն, սակայն կառավարութեան յաճախակի գործուղումներուն հետեւանքով տեղեկատուութիւն չէ տրամադրուած, ուստի կ՛առաջարկուի մէկ տարիով յետաձգել ատիկա, եւ հարցը քննարկել 24-27 փետրուարի նիստին:

«Կը յորդորեմ, որ պատգամաւորները կողմ քուէարկեն, որպէսզի մենք ընդունինք համապատասխան որոշում», ըսաւ Մինասեան:

Նշենք, որ քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ ժամանակաւոր յանձնախումբը մինչեւ մէկ տարի յետաձգելու մասին որոշումը:

 

Share this Article
CATEGORIES