Սաժես Պէյրութ Ակումբին Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Սաժես Պէյրութ ակումբը յայտարարեց, որ 2 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Էշրեֆիէի մէջ գտնուող ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան մասնակի ընտրութիւններ` ընտրելու համար նոր անդամներ իրենց հրաժարականները ներկայացուցած անձերուն փոխարէն:

Եթէ պատահի, որ անդամներուն թիւը մեծամասնութիւն չըլլայ, ճիշդ շաբաթ մը ետք նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել այս ընտրութիւններուն, կրնան ներկայանալ Սաժես Պէյրութի կեդրոնատեղին (Էշրեֆիէ, Պէյրութի մարոնիներու առաջնորդարանին դիմաց), ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00:

Թեկնածուներուն առաջադրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014-ը, մինչեւ  երեկոյեան ժամը 18:00:

Սաժես իր այս հաղորդագրութիւնը եզրափակեց նշելով, որ այն անդամը, որ 2014 տարուան իր նիւթական պարտաւորութիւնները չէ վճարած, չի կրնար իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )