Թեքնիք Ժողով` Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Կեդրոնատեղիին Մէջ
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին յատուկ հրաւէրով, նախորդ շաբաթավերջին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի ունեցաւ յատուկ թեքնիք ժողով մը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած ակումբներուն հետեւեալ ներկայացուցիչներուն. Էլիաս Քէյրուզ, Հրայր Տիշչեքենեան, Ժորժ Ասսաֆ, Ժոզեֆ Տահեր, Ահմետ Հազեր, Կապի Իսա Խուրի, Նաժի Պու Խալիլ եւ Ալի Խըզհալ:
Այս թեքնիք ժողովին ներկայ էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան Սաատէ, փոխնախագահ Էլի Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանի եւ անդամ Էլի Տագեսեան:
Այս ժողովին ընդհանրապէս քննարկուեցան այս մարզաձեւին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նեաւ ժողովականներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ նմանօրինակ հանդիպում-ժողովները միշտ կատարելու` այս մարզը աւելի զօրացնելու եւ այդ գծով շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրելու համար:

