Ռոնալտօ Կրնայ 3 Մրցումով Կախակայուիլ
Իր լուրը քաղելով Tuttomercatoweb.com կայքէն` հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (22-րդ հանգրուան) կարմիր քարտ մը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ, կրնայ 3 մրցումով կախակայուիլ:
Եթէ այդ լուրը հաստատուի, Ռոնալտօ պիտի բացակայի Վիարէալի, Կեթաֆէի եւ Էլչէի դէմ կատարուելիք «լա լիկա»-ի մրցումներէն:
CATEGORIES Մարզական