Արոնեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Շարլ Ազնաւուրին»

aznavourՑիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ ճատրակի գերմրցաշարքին ելոյթ ունեցող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Հիքարու Նաքամուրան, յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ:

Այս հանգրուանին պատուոյ հիւրն էր ֆրանսահայ երգիչ, դերասան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:

Ազնաւուր հանդիպած է Արոնեանի եւ մինչեւ 4-րդ հանգրուանին սկիզբ տրուիլը զրուցած է Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատարին հետ:

Իր արձանագրած յաղթանակէն ետք Արոնեան ըսած է. «Այս յաղթանակը կը նուիրեմ Շարլ Ազնաւուրին, որ այնքան սիրալիր գտնուեցաւ եւ այցելեց ինծի հոս Ցիւրիխի մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES