Առաքել Միրզոյեան. «Յաջորդ Նպատակս Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցիլն Է»

araqel_mirzoyanԵւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր Առաքել Միրզոյեան, որ վնասուածքի պատճառով երկար ժամանակէ ի վեր չէր մասնակցեր համաշխարհային կարեւորագոյն մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն, վերջնականապէս ապաքինած է եւ կը պատրաստուի մասնակցելու Եւրոպայի յաջորդ ախոյեանութեան:

Ան այդ եւ այլ հարցերու վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ստորեւ` անոր կատարած յայտարարութիւններուն շահեկան բաժինը.

«Վնասուածքի պատճառով երկար ժամանակ բացակայելէ ետք, այժմ ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ:

Ատոր համար մեծապէս պարտական եմ մեր բժիշկներուն, որոնց շնորհիւ վերադարձայ իմ նախկին վիճակիս: Մարզավիճակս եւ ֆիզիքականս բարձր մակարդակի վրայ են: Յաջորդ նպատակս Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցիլն է: Լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար մարզումներու եւ ուսումնամարզական հաւաքներու կը մասնակցիմ: Այժմէն իսկ չեմ փափաքիր անտեղի յայտարարութիւններ կատարել: Այդ բնաւորութիւնը չունիմ: Ժամանակը պիտի գայ ցոյց տալու, թէ որքանո՛վ պիտի կարենամ նորանոր յաջողութիւններ ձեռք ձգել: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մտադիր եմ իմ արհեստավարժ ասպարէզս բաւական երկար շարունակել: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցելու հարցին, ցարդ վերջնական որոշում չեմ տուած այդ ուղղութեամբ: Վերջին բաժինով կու գամ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ ի մասնաւորի անոր նախագահին` Գագիկ Ծառուկեանին, որ մարզական կեանքին մեծ սիրահար մը ըլլալով, ամէն ձեւով կ՛օգնէ մեզի եւ թոյլ չի տար, որ որեւէ բանի կարիքը ունենանք»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES