Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր վարպետը, տնօրէնը կամ մեծաւորը պիտի գնահատէ ձեր գործունէութիւնը, որ եղած է արդիւնաւէտ: Կրնաք ակնկալել ամսականի յաւելում մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքը ինքնին դպրոց մըն է, ունի ուսանելի դասեր, եթէ հետեւիք ուշադրութեամբ: Ձեր խոհեմութեամբ կրնաք ունենալ անսայթաք ընթացք ամէն տեղ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ` առանց ազդուելու շրջապատին կարծիքներէն: Ձեր խղճին ձայնը լաւագոյն խորհրդատուն է, անոր հետեւեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետաքրքրուեցէք ձեր ընտանիքին հարցերով: Ձեր կողակիցին հետ համաձայնաբար որոշեցէք ընտանիքին պահանջները գոհացնելու կարիքները:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նախանձը վտանգաւոր զգացում մըն է, հետեւաբար հեռու մնացէք նախանձող նայուածքներէ: Ձեր կարգին կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին` առանց ուրիշին ունեցածին նայելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրալիր հանդիպում մը պիտի փոխէ օրուան տրտմութիւնը: Այս ուրախ անակնկալը նոր յոյս պիտի ներշնչէ ձեզի` ձեր ծրագիրները իրագործելու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շուտով մի՛ հաւատաք լորձնաշուրթն խօսողներու, նախ սերտեցէք ձեզի առաջարկուած պարտականութիւնը. եթէ ձեր կարողականութիւնը թոյլ կու տայ ձեզի հաւանութիւն տալու, ընդունեցէք, ապա թէ ոչ մերժեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տան կահաւորումը փոխելու, նորութիւն բերելու աշխատանքին պիտի լծուիք: Ըրէք այնպէս, որ ձեր գրպանը պարպելու չափ չծախսէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերովի նոր գործ մը կատարելու համաձայնութիւն պիտի կնքէք: Այս պարագային փախուստ մի՛ տաք ձեր վրայ դրուած պարտաւորութիւններէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեռք պիտի երկարէք կարիքաւորի մը, ձեր կարողութեան չափով: Ան իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէ ձեր ազնիւ վերաբերումին: Տալը գոհունակութիւն կը պատճառէ վեհանձն անձերու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս օրերուն անփոյթ կը գտնուիք ձեր հարազատներուն հետ հաղորդակցելու: Ընկերային թէ ընտանեկան սերտ յարաբերութիւնները կենսական են ոեւէ մէկուն համար. հարկ է գիտակցիլ այս ճշմարտութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծուլութեամբ մի՛ տարուիք: Եթէ ձեր մարմինը թոյլ է, մարզանք կատարեցէք: Մարզանքը մարմինին ուժանիւթն է, մի՛ անտեսէք, որպէսզի գործօն կեցուածք ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:

Share this Article
CATEGORIES