50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1964)

Խմբագրական

Վարդանի Ոգին

Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան պահեր, որոնք դարերու ճակատագիրը կը վճռեն: Լինել թէ չլինելու հարցականը բացառիկ պարագաներու միայն կը ներկայանայ ազգի մը զաւակներուն, որոնց վճռակամութիւնն ու գոյատեւելու կամքը բախտորոշ դեր մը կը խաղան այդ ճգնաժամային վայրկեաններուն:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան վերիվայրումներուն ընթացքին ոեւէ ազգէ աւելի ունեցած է ստիպողութիւնը անբեկանելի վճիռներ արձակելու եւ իր նիւթական ու բարոյական բոլոր ուժերը նետելու կռուի դաշտ` կարենալ պահպանելու համար իր ինքնուրոյն դիմագիծը, հակամարտ ուժերու եւ ներհակ շահերու պայքարին մէջ:

Վարդանանց պատերազմը մէկն է այդ պահերէն, որոնք աւստրիացի հռչակաւոր գրագէտ Սթեֆան Ցվայքի կողմէ նուիրագործուած են «Մարդկութեան աստղազարդ ժամերը» գիրքով:

Այդ վայրկեանին տրամաբանութիւնն ու հաշիւը կը դադրին այլեւս դեր ունենալէ, եւ խօսքը կը տրուի միայն ժողովուրդի մը ներքին փոթորկումներուն, անզուսպ կիրքին, անտաշ բնազդին` հաստատելու համար իր ներկայութիւնը աշխարհի հսկայ թատերաբեմին վրայ, որուն իրերամերժ ու մրցակից դերակատարները կը հանդիսանան ժողովուրդները` իրենց ցեղային ինքնայատկութիւններով եւ առանձնակի շահերով:

Տղմուտ գետի ափին աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարի առաջ մղուած պատերազմը` Վարդանանց հերոսամարտը Հայկի եւ Բելի դիւցազնամարտն էր, որ այս անգամ թէեւ վերջացաւ բիւրաւոր հերոսներու նահատակութեամբ եւ Պարսից բանակի նիւթական յաղթանակով, բայց գալիք բազմաթիւ դարերու համար գծեց այն ուղին, ուրկէ պիտի ընթանար հայութիւնը` հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան:

Վարդանի եւ իր անձնուրաց զինակիցներու նահատակութենէն ետք Հայաստան ազատ շունչ քաշեց, եւ դաւադիր թշնամին հրաժարեցաւ հայ ժողովուրդը հոգեպէս նուաճելու իր ծրագիրներէն: Այնուհետեւ, յաջորդեցին խաւարակուռ դարերը միջնադարեան: Ազատութեան ոգին, որ մղում կու տար մեր բոլոր խոյանքներուն, պահ մը քնացաւ հայկական բազմութիւններու հոգիին մէջ: Բայց հայութիւնը չէր կրնար հրաժարիլ իր առհաւական արժանիքներէն, չէր կրնար ուրանալ իր ինքնութիւնը` հակառակ բարբարոս ցեղերու խժդժութեանց, հակառակ այն ծով արեան, որ թափուեցաւ մեր հայրենիքի ամբողջ տարածքին վրայ:

Հայոց լեռներէն ծնան դիւցազնամարտի նոր հերոսներ, որոնք Վարդանի եւ իր քաջերուն օրինակով, անոնց ոգիով նետուեցան մահուան գիրկը` յանուն սերունդներու փրկութեան, յանուն հայրենիքի եւ անոր ազատութեան: Վարդան արիաբար կուրծք ցցեց պարսկական ահաւոր բանակներուն դէմ, երբ շատ լաւ գիտէր, թէ այդ անհաւասար կռուին մէջ ինք եւ իր ընկերները պիտի նահատակուէին, բայց նաեւ` այն խոր համոզումով, թէ իրենց արիւնը ի զուր պիտի չթափուի, Հայաստան աշխարհի մէջ ազատութեան գաղափարը անմար պիտի մնայ եւ սերունդէ սերունդ պիտի կտակուի իբրեւ սրբազան աւանդ:

Այդ աւանդին արժանի ժառանգորդները հանդիսացան մեր ֆետայիները, որոնք նոյնքան անհաւասար մարտնչումներու մէջ ինկան ցեղին ազատութեան երազը իրենց աչքերուն, Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ:

Ու այսօր, երբ հերոսական այդ օրերէն անցած են տարիներ, ամբողջ հայ ժողովուրդը, միասնական` իր խոր ապրումներուն եւ դարաւոր ձգտումներուն մէջ, երկիւղածութեամբ կը խնկարկէ Վարդանի եւ իր քաջերու յիշատակին, որոնք իրենց մահով ապրելու առիթը տուին յետնորդ սերունդներուն:

Սփոփարար եւ սրտապնդիչ երեւոյթ մըն է այն երկիւղածութիւնը, որ մեր եկեղեցիին կողմէ սրբացուած անձնուրացներու հանդէպ ցոյց կը տրուի ամէն տարի` նորոգելով ուխտը ժողովուրդի մը, որ կեանքին իմաստը կը փնտռէ ազատութեան մէջ:

Վարդանանք պիտի շարունակեն ներշնչել հայ ժողովուրդի զաւակները, որոնք ժառանգորդներն են իրենց մեծ նախահայրերու ազատատենչ ոգիին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES