«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զմմառու Վանքը` Հոգեւոր Եւ Մշակոյթի Կեդրոն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Զմմառու վանքը դարերու պատմութիւն ու մշակոյթ ունի, հայ մշակոյթի մեծ եւ կարեւոր կեդրոն է եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օրրանն ու աթոռանիստը եղած է:
Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը կազմուեցաւ Աբրահամ Արծիւեանի կողմէ: Արծիւեան 1705-ին Սիսի մէջ Կիլիկիոյ Պետրոս կաթողիկոսէն սարկաւագութեան եւ 1706-ին ալ վարդապետութեան աստիճան ստացած էր: 1710-ին ան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ այն ժամանակ այլեւս աթոռազուրկ դարձած Պետրոս կաթողիկոսէն:
1720-ին, կաթողիկէ դարձած Մուրատեան երկու եղբայրներ` Աբրահամ եւ Յակոբ, Լիբանան գալով, Անտոնեան անունով միաբանութեան մը հիմը դրին եւ Քեսրուանի Ղոսթա գիւղին մօտ, նեղ ձորի մը մէջ, Քրէյմ (այգի) անունով վանք մը շինեցին: Արծիւեան հալածանքներու հետեւանքով յաճախ Լիբանան գալով Քրէյմի վանքը հիւր եղաւ:
1740-ին Արծիւեան երեք եպիսկոպոսներ ձեռնադրեց իրարմէ քանի մը ամիսներու տարբերութեամբ, եւ անոնք ալ նոյն տարուան նոյեմբեր 26-ին զինք կաթողիկոս ձեռնադրեցին Հալէպի մէջ, Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան անունով: Արծիւեան ապա Հռոմ գնաց եւ ճանաչում ստացաւ 1742-ին:
Արծիւեան 1743 հոկտեմբերին վերադարձաւ Քրէյմ, ուր վախճանեցաւ 1749 հոկտեմբեր 1-ին: Նոյն տարին սկսաւ Զմմառի վանքին շինութիւնը, որ յետոյ աթոռանիստ եղաւ:
1831-ին սուլթան Մահմուտ Բ. պետական ճանաչում շնորհեց հայ կաթողիկէներուն: 1850-ին հայ կաթողիկէ վեց թեմեր կազմուեցան: 1867 յուլիս 10-ին, Պոլսոյ կաթողիկէներու առաջնորդ (1860-էն 1867) Անտոն Հասուն եպիսկոպոսին օրով Պոլսոյ հայ կաթողիկէները հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան միացան: Հասուն 1884 դեկտեմբեր 13-ին հայ կաթողիկէներու պատրիարք ընտրուեցաւ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան անունով, եւ Պոլիսը աթոռանիստ դարձաւ Զմմառի փոխարէն: Հասունեան ապա կարտինալութեան տիտղոսին արժանացաւ:
Մեծ եղեռնէն ետք, 1928 յուլիս 23-ի որոշումով պատրիարքական աթոռը Լիբանան վերադարձաւ եւ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղին մէջ նոր պատրիարքարան կառուցուեցաւ:
Պատրիարքութեան պատմական, հոգեւոր եւ մշակոյթի կեդրոն Զմմառի վանքը կը գտնուի Լիբանանի Քեսրուան գաւառին մէջ, Պէյրութէն 30 քմ. հիւսիս-արեւելք, 950 մեթր բարձրութեան վրայ, գեղեցիկ բնութեան ծոցին: Զմմառ հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն է, ուր 30 հազար գիրքեր եւ մամուլ, 1500 հայերէն եւ 200 հատ ալ արաբերէն, պարսկերէն եւ ասորերէն մատեաններ, ինչպէս նաեւ պատմական ու եկեղեցական թանկարժէք գանձեր եւ հնութիւններ պահպանուած են: Զմմառի Տիրամօր եկեղեցին կառուցուած է 1771-ին, Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ դպրեվանքը` 1810-ին, իսկ նոր դպրեվանքը կառուցուած է 1961-ին, կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարքին օրով: Վանքը ընդարձակ այգիներով, պարտէզներով եւ շոճիի պուրակներով շրջապատուած է. նշանաւոր է Զմմառի գինին:
Զմմառի պատրիարքական միաբանութիւնը կալուածներ ունի նաեւ Ժունիէի, Պէյրութի, Ատա եւ Մազրաա գիւղերուն, Լիբանանէն դուրս` Հալէպի եւ Եգիպտոսի մէջ. նախաեղեռնեան շրջանին` նաեւ Մերսինի եւ Ատանայի մէջ, ինչպէս նաեւ Թոքաթի վանքը ունէր:
Զմմառ կրօնաւորական հաստատութիւն մըն է, որուն նպատակն է վարդապետներ պատրաստել ժողովրդապետութիւններուն համար: Վանքը իր մեծաւորը ունի:
Զմմառի դպրեվանքէն զատ, Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանը հայ կաթողիկէ կրօնաւորներու պատրաստութեան կեդրոն է:
***
Զմմառի հայ վանքին եւ անոր մշակութային ժառանգութեան «Ազդակ» անդրադարձած է տարբեր առիթներով: Հետաքրքրական են յատկապէս վանքի թանգարանին բացման առիթով, 1966-ին լոյս տեսած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները:
4 յունիս 1966-ի թիւով եւ «Զմմառի թանգարանը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
Իբրեւ մամուլ, առիթը տրուեցաւ մեզի ունենալու նախաճաշակը այն բոլոր մեծարժէք նշխարներուն եւ անգին հարստութեանց, որոնք մէկտեղուած են թանգարանին մէջ,- պերճախօս վկայութիւնը ազգի մը եւ անոր քաղաքակրթական նուաճումներուն մեծութեան:
Բացի զուտ եկեղեցական սպասներէ եւ պատառիկներէ, թանգարանին հիմնական արժէքը հայկական հին դրամներու եւ ձեռագիրներու զոյգ հաւաքածոներն են, որոնք` խնամքով դասաւորուած եւ ցուցակագրուած, մէկ ակնարկով մեր աչքին կը պարզեն շքեղութիւնը անցեալի փառքին ու իմացական բարձր որակին:
Պատմարժէք դրամանիշներու յատկացուած ապակեդարաններուն ընդմէջէն, երեսուն դարեր կը տողանցեն մեր հիացումին առջեւ: Այդ դրամանիշերու հնամաշ, այլ ինքնատիպ դրոշմը հայոց պատմութեան շօշափելի իրականութիւնը կու տայ մեզի, յուզիչ պարզութեամբ մը:
Այս տպաւորութիւնն ու ապրումը պիտի ունենայ իւրաքանչիւր հայ, որ անկասկած այդ արժէքներուն պիտի նայի ոչ թէ անպայման հնագէտի մը աչքով, այլ պարզապէս իբրեւ զաւակը ազգի մը, որ նախաքրիստոնէական շրջանին, եղած է պետութիւն, ունեցած է մեծազօր թագաւորներ, կերտած է մշակոյթ, ստեղծագործած է անկորնչելի հարստութիւն մը, որ հայութիւնը կը դասէ մեծ ժողովուրդներու կարգին:
Հայ ժողովուրդը, որ Զմմառի հանդէպ երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի, այս թանգարանին կազմութեամբ, իր սրտին աւելի մօտիկ պիտի զգայ այս հաստատութիւնը, որ այս գեղեցիկ երկրին դալարագեղ բլուրներէն մէկուն վրայ թառած, ոչ միայն ապաստան հանդիսացաւ աւերէն ու հուրէն փրկուած մեր մշակութային բեկորներուն, այլ նաեւ հայ ազատատենչ ժողովուրդին հալածական ղեկավարներուն:
Զմմառի խաղաղաւէտ վանքին նրբանցքներուն մէջ, դեռ մինչեւ այսօր կը զգանք անոնց խռովիչ ներկայութիւնը, խորհրդաւոր լռութեան մէջ կը լսենք անոնց ոտնաձայնը հարիւրամեայ սալայատակին վրայ:
Բայց Զմմառը միայն անցեալին չի պատկանիր:
Զմմառը նաեւ ներկայ է ու ապագայ: Ներկան որոշ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ մեզ, իբրեւ ապագայի հեռանկար: Ինչ որ Զմմառը կ՛ընէ մեր մշակութային արժէքներուն պահպանման եւ ճառագայթումին համար, կը գնահատենք բոլորս: Բայց այդքանը չի բաւեր: Զմմառ պէտք ունի մեր յարատեւ հոգածութեան, շօշափելի ճիգին, որպէսզի լաւագոյն ձեւով կատարէ իր առաքելութիւնը, որուն նուիրեալները կը հանդիսանան Զմմառի միաբանները:
***
Նոյն օրուան թիւով եւ «Զմմառի վանքը կեդրոն` անգին հարստութեանց» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
Միաբանութիւնը ունի ուրոյն կանոնագիր, վանական յատուկ վարչութիւն, կազմուած` վանքի մեծաւորէն, փոխ մեծաւորէն, ընդհանուր մատակարարէն եւ ներքին մատակարարէն:
1770-էն ասդին, վանքը կեդրոնն է նաեւ կղերանոցին, ուր քահանայական ասպարէզի կը պատրաստուին ո՛չ միայն ապագայ միաբանները, այլ նաեւ նուիրապետութեան եկեղեցական թեկնածուները:
Միաբանութեան նպատակն է սատարել հայ ժողովուրդի կրօնաբարոյական վերելքին եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան:
Բազմաթիւ տուփերու մէջ դասաւորուած եւ պահուած են դիւանային փաստաթղթեր, որոնք մեծ լոյս կը սփռեն վերջին երկու դարերու ազգային թէ եկեղեցական պատմութեան շուրջ:
Դիւանը բաղկացած է.
– Զմմառեան միաբանութեան արկղներէն:
– Անտոնեան միաբանութեան արկղներէն:
Կը պարունակեն կաթողիկոսական թղթակցութիւններ, եպիսկոպոսական տեղեկագրեր ու միաբաններու կողմէ քաղուած ականատեսի վկայութիւններ` վերջին երկու դարերու առօրեայ կեանքին մասին:
Ձեռագրատունը կազմուած է աւելի քան 1500 ձեռագրերէ:
Ձեռագրերու առընթեր, կայ նաեւ շատ հին պատառիկներու հաւաքածոյ մը:
Յիշենք Զմմառի ձեռագրերէն.
– 1178, Աշխարհացոյց Մովսէս Խորենացիի (թիւ 204),
– 1240-է առաջ, Դատաստանագիրք Մխիթար Գոշի (թիւ 180):
– 1298, Գիրք, Թղթոց (թիւ ԺԲ.):
Մանրաժապաւէններ կ՛ուղարկուին Հայաստան, Վիեննա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր:
Ձեռագիրները կը պահուին յատուկ պահարաններու մէջ (նուէր Գալուստ Կիւլպենկեան հաստատութեան), ուր հաւասար ջերմութեան մէջ կը մնան:
Մատենադարան
30,000-է աւելի հատորներ ունի, այլազան լեզուներով: Ունի նաեւ հայ առաջին տպագրութեանց ճոխ հաւաքածոյ մը, սկսեալ 1513 թուականէն:
Կազմուած է միաբաններու գիրքերէն եւ նորագոյն գնումներով:
Մատեանները ցուցակագրուած են ու պիտակներու մէջ դասաւորուած, ընթերցողի դիւրութեան համար:
Մատենադարանը կանոնաւոր յարաբերութեան մէջ է Հայաստանի եւ արտասահմանի մշակութային կեդրոններուն հետ:
Թանգարան
Թէեւ միաբանութեան նորագոյն զաւակը, սակայն թանգարանը կազմուած էր աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, մրջիւնանման ջանքերովը միաբաններու, որոնք վանքին անկիւններուն մէջ մէկտեղած են մեր մշակոյթին ու արուեստին պատառիկները, լաւագոյն օրերու ակնկալութեամբ:
Թեհրանաբնակ Պօղոս Չիլոյեանի ազնիւ բարերարութեամբ կառուցուեցաւ թանգարանին շէնքը, գործ` ճարտարապետ Փասքալ Փապուճեանի: Գ. Կիւլպենկեան հաստատութեան յատկացումով, կատարուեցաւ հնագիտական եւ ձեռագրաց բաժնին կահաւորումը:
Թանգարանը կը բաղկանայ.
– Հնագիտական բաժնէն
– Դրամագիտական բաժնէն
– Արուեստի զարդերէ
– Նկարներէ:
***
Զմմառի թանգարանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 5 յունիս 1966-ին: «Ազդակ» 6 յունիս 1966-ի թիւով, ընդարձակ թղթակցութեամբ մը անդրադարձած է թանգարանի բացման արարողութեան.
Կիրակի, 5 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահութեամբ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի, մեծաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Զմմառի հայ կաթողիկէ դարաւոր վանքին նորակառոյց թանգարանին պաշտօնական բացումը:
Ներկայ էին պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ` Գարեգին եպս. Սարգիսեան եւ Ներսէս Ծ. վրդ. Բախտիկեան, հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, կաթողիկէ վարդապետներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Ժոզեֆ Չատեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, ազգային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեւելի դէմքեր, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով երկսեռ հասարակութիւն մը:
Ներկաները նախ ընդունելութեան դահլիճին ու սրահներուն մէջ, սիրալիր խօսակցութիւն ունենալէ ետք իրարու հետ, ժամը 4:30-ին մէկտեղուեցան դահլիճի բակին մէջ, ուր վանքին մեծաւորը` Յովսէփ Ծ. վարդապետ Պասմաճեան բացումը կատարելով հանդէսին, պատմականը ըրաւ թանգարանին, գլխաւոր բաժանումներով ներկայացուց անոր թանկարժէք առարկաները, յայտնեց նաեւ, թէ ինչ մեծ զոհողութիւններով անոնք երկու դարէ ի վեր ամփոփուած ու պահուած են Զմմառեան միաբանութեան վարդապետներուն կողմէ: Բացման այս ուրախ առիթով, ըսաւ հայր Պասմաճեան, միաբանութեան անունով շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղեմ բարերարներուն, որոնց իշխանավայել նուիրատուութեամբ, կարելի եղաւ իրագործել թանգարանի գեղակերտ շէնքին կառուցումը, պարսկահայ Պօղոս Չիլոյեանի կողմէ, եւ ներքին կահաւորումը` Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան կողմէ: Այս առիթով եւս, աւելցուց մեծաւորը, Պօղոս Չիլոյեան նոր նուիրատուութեամբ մը, 1000 լ. ոսկի ուղարկած է թանգարանի ֆոնտին:
Ապա ճարտարապետ Փասքալ Փապուճեան, ֆրանսերէնով, հայ ստեղծագործ ժողովուրդին արժանիքները փառաբանող բովանդակալից ճառ մը խօսեցաւ: Յայտնեց նաեւ, որ շնորհիւ Զմմառեան միաբանութեան զոհողութիւններուն եւ ազնուասիրտ բարերարներու, ազգային հպարտանքի նոր կեդրոն մը եւս կ՛ունենանք այս դարաւոր վանքին մէջ:
Այնուհետեւ, Պաթանեան պատրիարք ազգայնաշունչ ճառ մը խօսեցաւ: Մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը,- ըսաւ հոգեւոր Տէրը,- ուզեց Ցեղասպանութեամբ ոչնչացնել հայ ազգը: Չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին: Հանճարեղ հայ ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան բարգաւաճ վիճակ մը ունի ու կը ստեղծագործէ:
«Այսօր, հաւաքուած ենք հոս, բացումը կատարելու այս գեղակերտ թանգարանին, որ պիտի դառնայ հայ անունը պանծացնող նոր կեդրոն մը: Ասիկա լաւագոյն վկայութիւնն է, թէ հայ ժողովուրդը գիտէ գուրգուրալ ու գնահատել իր պաշտամունքին առարկայ սրբութիւններն ու պատմարժէք հնութիւնները:
«Այս գեղեցիկ առիթով,- վերջացնելէ առաջ ըսաւ հոգեւոր Տէրը,- անգամ մը եւս կ՛օրհնեմ ու շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Գալուստ Կիւլպենկեան հաստատութեան եւ բարերար Պօղոս Չիլոյեանին, որոնց առատաձեռն նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ այս գեղեցիկ իրագործումը»:
Իր տպաւորիչ ճառէն ետք, հոգեւոր Տէրը խանդավառ ծափերու մէջ կտրեց թանգարանի մուտքի ժապաւէնը եւ պաշտօնապէս կատարեց բացումը:
Այնուհետեւ, ներկաները հետաքրքրութեամբ ու հիացումով դիտեցին գեղեցիկ դասաւորումով թանգարանին մէջ պահ դրուած թանկարժէք առարկաները, շնորհաւորեցին Զմմառեան միաբանութիւնը եւ հիւրասիրուելէ ետք, մեկնեցան վանքէն, լաւագոյն տպաւորութիւններով:

