Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ի Գլխաւոր Հովանաւորութեամբ Կայացած Է Դասական Օփերայի Հիանալի Նմուշներէն Մէկուն` «Կարինէի» Նոր Բեմադրութեան Անդրանիկ Ներկայացումը
Մշակոյթի բարեկամ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Տիգրան Չուխաճեանի անմահ օփերային նոր բեմադրութեան համար յատկացուցած է 10 միլիոն դրամ:
Նշենք, որ Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոնը Չուխաճեանին այս գլուխ գործոցին կ՛անդրադառնայ երրորդ անգամ ըլլալով: Բեմադրութիւնը իրականացուցած են Հայաստանի ժողովրդական նշանաւոր արուեստագէտներ` Երուանդ Ղազանճեան, Եուրի Դաւթեան, ժողովրդական նկարիչ Ռոպերթ Էլիբեկեան, յայտնի խմբավար Շուշան Յովհաննիսեան եւ պալէի անուանի մայսթրօ Աննա Կարապետեան: Ներկայացումին մասնակցած են թատրոնի առաջատար դերասաններ, սիմֆոնիք նուագախումբը, քառաձայն երգչախումբը եւ պալէն:
Իր վառ եւ թարմ գոյներով, հայ ժողովրդական մեղեդիներու հիանալի օգտագործումով, մեներգներով եւ հիւմըրով «Կարինէն», իբրեւ հայ թատրոնի գոհար, ցարդ կը մնայ չգերազանցուած: Ան իր ոգիով եւ ոճով խոր ու իսկական ազգային ստեղծագործութիւն է:
Տեղեկացնենք, թէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը սիրով ստանձնած է մշակութային այս գոհարին բեմադրման հովանաւորութիւնը: Գեղագիտական դաստիարակութեան տեսանկիւնէն` անուանի երգահաններու գործերը հայ երիտասարդներուն ներկայացնելը կարեւոր նշանակութիւն ունի մեզի համար: Արուեստը զգացմունքի բարձրակէտ է, ամէն լաւի եւ գեղեցիկի խտացում», շեշտած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Կարինէն» հայերէնի առաջին անգամ բեմադրուած է Մացակ Տէր Առաքելեանի թարգմանութեամբ` Պաքուի «Մայիլեան» թատրոնին մէջ, 1912 թուականին:
Աւելի վաղ, Յ. Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ օփերան բեմադրուած է` 1941 եւ 1950, իսկ Օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ` 1951 եւ 1988 թուականներուն: Հետագային արդէն` 1962 թուականին, «Հայֆիլմ» շարժանկարի սթիւտիոն համանուն երաժշտական ժապաւէն նկարահանած է:
Տիգրան Չուխաճեանին երազանքն էր` իր օփերայի բեմադրութիւնը տեսնել Փարիզի մէջ: Նախագիծը, սակայն, իրականացած է անուանի հայու մահէն ետք: Մեր օրերուն տակաւին կը շարունակուի օփերային բեմադրութիւնը: Ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ դերասան Ժիրայր Փափազեանի մտայղացմամբ 2010-ին առաջին անգամ Փարիզի «Պուֆ տիւ Նոր» թատրոնին մէջ, 2011 թուականին` Մարսէյի հանրայայտ «Օտէոն» թատրոնին մէջ ներկայացուած է օփերայի ֆրանսերէն ընթերցում-համերգ տարբերակը:
Սերժ Թանկեանի Աջակցութեամբ`
Տաք Սնունդ Վանաձորի Տարեցներուն
«Օրրան» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը 2014-ի փետրուար 17-էն սկսեալ պիտի սկսի Վանաձոր քաղաքի 30 անապահով տարեցներուն համար տաք սնունդի ծրագիրին, որուն իրականացման նիւթականը կը հոգան աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի մեներգիչ Սերժ Թանկեանը եւ անոր կինը` Անժին:
Հիմնադրամին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, տաք սնունդ ստանալու եւ իրարու հետ խօսելու, ժամանակ անցընելու նպատակով տարեցները «Օրրան» կը յաճախեն կէսօրին: Տաք սնունդի այս ծրագիրը կազմուած է Երեւանի «Օրրան»-ի տարեցներու ծրագիրի հիման վրայ, որուն մէջ 2000-էն ի վեր ներառուած են աւելի քան 55 տարեցներ:
Ներկայիս Վանաձորի «Օրրան» կը յաճախեն տնտեսապէս անապահով ընտանիքներու աւելի քան 65 փոքրիկներ, որոնք «Օրրան»-ին մէջ կը ստանան տաք սնունդ, ինչպէս նաեւ` բժշկական, ընկերային, հոգեբանական եւ կրթական ծառայութիւններ: Փոքրիկները կը մասնակցին նաեւ մասնագիտական վերապատրաստութեան դասընթացքներու եւ մշակութային հարուստ ծրագիրներու:
«Սահմանափակ միջոցներու պատճառով սկիզբը կարելիութիւն չունեցանք ծրագրին մէջ ընդգրկել նաեւ տարեցները, ինչպէս որ այդ կը կատարուէր Երեւանի «Օրրան»-ին մէջ», յայտնած է «Օրրան»-ի հիմնադիր Արմինէ Յովհաննիսեանը: «Երբ Սերժ Թանկեանը եւ անոր կինը` Անժին, մեզի դիմեցին, թէ ինչպէ՞ս կրնան օգնել Վանաձորի «Օրրան»-ին, մենք անոնց առաջարկեցինք քանի մը տարբերակներ: Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին յատկապէս տարեցներու ծրագրին հանդէպ եւ արագօրէն` քանի մը օրուան ընթացքին արդէն ծրագրեցին ներդրումներ կատարելու եւ վստահելու, որ այս տարուան խստաշունչ ձմրան պայմաններուն մէջ կարիքաւոր տարեցները օրուան ընթացքին գոնէ մէկ անգամ տաք սնունդի, տաքուկ անկիւնի եւ հոգածութեան կարելիութիւն կ՛ունենան»:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Տեսակցեցաւ
«Շառաւիղ» Երգչախումբի Հիմնադիրներուն Հետ
Յունուար 31-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու «Շառաւիղ» երգչախումբին հիմնադիրները` Մկրտիչ Փանոսեանը, Թամար Մութաֆեանը եւ խմբավար Գայեանէ Սիմոնեանը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուականը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակի դափնեկիր, ժողովրդական արուեստագէտ, խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց «Շառաւիղ» մանկական երգչախումբին շնորհաշատ կատարումները եւ կոմիտասեան երգացանկով հանդէս գալը: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ծանօթացաւ երգչախումբի հարցերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու անոնց լուծման:
Նշենք, որ «Շառաւիղ» երգչախումբը ստեղծուած է 2013-ի սեպտեմբերին եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրցած է գրաւել հանդիսատեսին համակրանքը: Երգչախումբին մէջ կ՛երգեն մօտ յիսուն սուրիահայ երեխաներ: Օրեր առաջ անոնք իրենց կատարումներով հանդէս եկան խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի 85-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:
Խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ ներկաներուն` ցուցաբերուած ուշադրութեան, ջերմութեան եւ հոգատար վերաբերմունքին համար: Իսկ «Շառաւիղ» երգչախումբին մաղթեց յաջողութիւններ, բազմահազար հանդիսատես ու բեղմնաւոր գործունէութիւն:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Շառաւիղ» երգչախումբի խմբավար Գայեանէ Սիմոնեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով:
«Սարդարապատ» Թանգարանը Կը Պատրաստուի
Մեծ Շուքով Տօնելու Մուսա Լերան Եւ
Սարդարապատի Հերոսամարտերուն 100-ամեակը
Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային «Սարդարապատ» թանգարանը արդէն սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու` 2015 թուականին Մուսա Լերան եւ 2018 թուականին Սարդարապատի հերոսամարտերուն 100-ամեակները նշելու ուղղութեամբ:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան հաղորդած է, թէ 2014 թուականը պէտք է բեկումնային ըլլայ թանգարանին համար: Արդէն իսկ պատրաստ է Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծրագիրը: «Յոբելենական ձեռնարկը նախապատրաստելու նպատակով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ համապատասխան գրութիւն ուղարկուած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին, իսկ անոր մէջ նշուած է, որ անհրաժեշտ է ստեղծուի յոբելենական կառավարական յանձնախումբ», յայտնած է Կ. Արիստակէսեան: Ան աւելցուցած է, որ 2015 եւ 2018 թուականներու ձեռնարկներու ծրագիրները միջնաժամկէտ ծախսային կամ այլ ծրագիրներու տեսքով պիտի ներկայացուին կառավարութեան:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ աշխատանքներ կը տարուին յուշահամալիրը բարեկարգելու եւ զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ աւելի գրաւիչ դարձնելու ուղղութեամբ: Այսպիսով, 2007-2013 թուականներու ընթացքին մեծցած է թանգարանին կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ ձեռնարկներու քանակը: Անցեալ տարի ձեռնարկ մը կազմակերպուած է` նուիրուած մայիսեան հերոսամարտերու մասնակիցներուն յիշատակին, եւ այս մէկը թանգարանի տնօրէնութիւնը կը մտադրէ դարձնելու ամէնամեայ: Զբօսաշրջային այցելութիւններու խթանման նպատակով «Սարդարապատ» թանգարանը նաեւ կը համագործակցի զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ: Այս նպատակով թանգարանը 2013 թուականին համաձայնութիւն ձեռք ձգած է նաեւ Հայաստանի տնտեսագիտութեան նախարարութեան հետ:
Նշենք, որ 2013 թուականին թանգարանը ունեցած է 25 հազար 784 այցելու: 2004 թուականէն ի վեր թանգարանի այցելուներուն թիւը աճած է երկու անգամ: Իսկ 2012 թուականի յունուար 1-էն Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը կը համարուի թանգարաններու միջազգային խորհուրդի հիմնական անդամ: Հաղորդենք, որ 6500 քառ. մեթր ցուցադրական մակերեսի վրայ կը ներկայացուի հայերու նիւթական, ընկերային եւ հոգեւոր մշակոյթը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին հայոց աւանդական եւ ժամանակակից արուեստին, ինչպէս նաեւ այլ ժողովուրդներու մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսներ:
Վերջին Հրաժեշտ` Արուեստի Վաստակաւոր
Գործիչ Արամ Ղարաբեկեանին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, մեծաթիւ արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ 29 յունուարին վերջին հրաժեշտ տուին Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր, անուանի գեղարուեստական ղեկավար Արամ Ղարաբեկեանին: «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ Արամ Ղարաբեկեանին արուեստը գնահատող մարդիկ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով տարիներ շարունակ հայրենիքի մէջ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած խմբավարին:
«Կը յիշեմ, թէ ինչպէս մտաւ մեր երաժշտական կեանքին մէջ: Այնուհետեւ, յետպատերազմեան տարիներուն վաղուան օրը նոր շօշափող ժողովուրդը մտաւ Արամ Ղարաբեկեանի աշխարհը: Ան հրաւիրուեցաւ այստեղ` իբրեւ սենեկային նուագախումբի խմբավար եւ իրեն հետ բերաւ իր աշխարհը, իր մշակոյթը, մօտեցումները, արժէքները, երազները, որոնք կը փորձէր իրականացնել: Ես անոր հետ ծանօթ ըլլալու պատիւը եւ հաճոյքը ունեցած եմ այն տարիներէն, երբ ան եկաւ Հայաստան: Ան մարդոց համար իւրաքանչիւր պահը տօնի կը վերածէր, նաեւ կը դաստիարակէր, կը կրթէր: Այսօր պէտք է պարզապէս ըսենք` փառք Աստուծոյ, որ այսպիսի անհատներ կը ծնին: Արամը կրցաւ իր կեանքին ընթացքին շատ բան ընել: Միւս կողմէ` ափսոս բոլոր չըրածներուն համար», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:
Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ անդրադարձ կատարուեցան Ղարաբեկեան արուեստագէտի անսահման տաղանդին եւ մարդկային յատկանիշներուն: Երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան թէեւ չկրցաւ ներկայ գտնուիլ հրաժեշտի արարողութեան, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր, այնուամենայնիւ, ցաւակցական նամակ յղած էր Ղարաբեկեանի ընտանիքի անդամներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին: «Այսօր դէպի յաւերժութիւն կ՛ուղեւորուի պայծառ հայորդի, որ հայ երաժշտական մշակոյթի անդաստանին մէջ իր փայլուն գործունէութիւնը ծաւալեց անմնացորդ եւ հաւատարիմ ձեւով: Ան եղաւ իր ծրագիրներուն, իր առջեւ դրուած պահանջներուն խոնարհ ենթական, բազմաթիւ ուրախութեան պահեր նուիրեց թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երաժշտասէր հանրութեան` ներկայացնելով հայ երաժշտական արուեստը տարբեր կեդրոններու մէջ: Բոլորիս համար մեծ կորուստ է Ղարաբեկեանի մահը», վկայած էր Մանսուրեան:
Արամ Ղարաբեկեանին թաղումը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Նշենք, որ վաստակաւոր խմբավարը յանկարծամահ եղած էր 11 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուրկէ անոր մարմինը փոխադրուած է Երեւան:
Կայացաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի Ծննդեան
85-ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Վերջերս չեքիճեանական տարուան շրջանակներուն մէջ Առնօ Բաբաջանեանի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրայայտ խմբավար, Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակներու դափնեկիր, ժողովրդական արուեստագէտ, 100-է աւելի մետալներով, վկայագրերով պարգեւատրուած փրոֆեսէօր Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած երգահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, 2014 թուականը յայտարարուած է չեքիճեանական տարի: Հաղորդենք, որ նախատեսուած է մեծ երգահանին նուիրուած ձեռնարկներու շարք մը, որուն շրջանակներուն մէջ պիտի իրականացուին մեծարման երեկոներ, ձեռնարկներ եւ երգահանդէսներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով մայսթրօ Չեքիճեանի մեծարման երգահանդէս-երեկոյին ներկայ գտնուելու համար Հայաստան եկած էր Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ կից «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հանրայայտ խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի: Երգչախումբը մեկնաբանեց Գրիգոր Փիթերճեանի «Տէր Զօր», Մակար Եկմալեանի «Տէր, կեցցո», հատուած Ճիուզեփփէ Վերտիի «Նապուքօ» օփերայէն եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց մեծ արուեստագէտը, հրաշալի հայն ու անզուգական մարդը յոբելեանին առիթով եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Դժուար է յայտնելը, թէ ի՛նչ կ՛ընեն աշխարհի տարբեր հորիզոնականներու վրայ գտնուող 7 միլիոն հայերը, բայց Յովհաննէս Չեքիճեան գիտէր, թէ ինչո՛ւ կու գայ հայրենիք: Ան եկաւ նոր էջ բանալու հայ մշակոյթի երկնակամարին մէջ եւ մեր ազգային երաժշտութեան տուաւ համամարդկային հնչեղութիւն` Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը դարձնելով դարու երաժշտական աշխարհի երեւոյթ»: Ան մասնաւորապէս շեշտեց մայսթրոյին իմաստուն միտքը, թէ` «Առանց երգի աշխարհը աղմուկով կը լեցուէր», եւ այս մօտեցումով Յովհաննէս Չեքիճեան աշխարհին շարունակ ներդաշնութիւն կը պարգեւէ:
Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մարսէյի «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբին եւ անոր գեղարուեստական ղեկավար Խաչիկ Եըլմազեանին, որ եկան հայրենիք եւ իրենց կատարումներով հրաշալի անակնկալ մատուցեցին մայսթրոյին:
Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն` նուիրուած Յովհաննէս Չեքիճեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան:
«Մենք թոռներն ենք Մաշտոցի» եւ Կոմիտասի մանկական ստեղծագործութիւններուն երգաշարով մայսթրոն ողջունեց սուրիահայ մանուկներու մանկապատանեկան «Շառաւիղ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեանի:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի ակադեմական երգչախումբի մենակատարներ Սոնա Մովսիսեանը եւ Պերճ Քարալեանը:
Ձեռնարկին աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Յովհաննէս Չեքիճեանը եւ անակնկալ մը մատուցեց ներկաներուն: Ան բեմէն ղեկավարեց դահլիճին մէջ` հանդիսատեսին հետ երգահանդէսի ունկնդիր պետական ակադեմական երգչախումբի անդամները, որոնք անզուգական կատարումով ներկայացուցին Մ. Եկմալեանի «Ո՜վ, հայոց աշխարհ» երգը:
Այս Տարի Պիտի Նկարահանուին
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Երկու Վաւերագրական Ժապաւէններ
2014 թուականին պիտի նկարահանուին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկու վաւերագրական ժապաւէններ, սակայն նոյն նիւթին նուիրուած խաղարկային ժապաւէնի վերաբերող Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը առայժմ յստակ որեւէ տեղեկատուութիւն չի կրնար տրամադրել: Շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան այսօր նշած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբը հարցը դեռ կը պահէ քննարկման հանգրուանի մէջ: Ազգային շարժանկարի կեդրոնին տնօրէնը այսօր խօսած է նաեւ 2014-ի կարեւոր` շարժանկարի նախագիծերուն մասին:
Նշենք, որ «Բանտարկուած հոգիներ» եւ «Յիշատակի պատը» խորագիրներով` Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած երկու վաւերագրական ժապաւէնները պատրաստ պիտի ըլլան մինչեւ 2015 թուականը: Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնը առաջին նախագիծը իրականացուցած է «Բարս մեդիա» սթիւտիոյի հետ միատեղ, բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի եւ երկրորդ բեմադրիչ Արամ Շահբազեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած խաղարկային ժապաւէնին շուրջ առայժմ լռութիւն կը տիրէ:
«Պետական յանձնախումբի քննարկման ներկայացուած են 6 նախագիծեր, որոնց մասին դեռ որոշում չէ կայացած»:
Արդեօք ժամանակը բաւարա՞ր է Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած լուրջ շարժանկարի նախագիծ իրականացնելու համար, եթէ հաշուի առնենք, որ 2015 թուականի ապրիլը շատ հեռու չէ: Ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէնը այս առումով մտավախութիւն ունի, բայց նաեւ կը նշէ, թէ որեւէ պարագայի ժապաւէնը պէտք է իրականութիւն դարձնել: Իսկ մինչ այդ 2014 թուականի կարեւորագոյն շարժանկարի նախագիծերու մասին նշեն, որ շարժանկարի կեդրոնը աւարտին պիտի հասցնէ բեմադրիչ Յովհաննէս Գալստեանի «Լուսաւոր շրջան» ժապաւէնը, որ հայ-նորվեկիական միացեալ նախագիծ է: Պիտի փորձեն հանդիսատեսին դատին յանձնել նաեւ Սօս Սարգսեանի միանուն պատմուածքին հիման վրայ նկարահանուող «Լակոտը» ժապաւէնը, բեմադրութեամբ Ալպերթ Մկրտչեանի: Երիտասարդ բեմադրիչ Արա Առուշը կը պատրաստուի նկարահանելու ժապաւէն Պրուս Լիի մասին: Վերջինին կինը արդէն տեղեակ եւ համաձայն է նախագիծին: Վիգէն Չալդրանեանի Կոմիտասին նուիրուած «Իմ քաղաքի առասպելները» ժապաւէնը եւս 2014-ի կարեւորագոյն շարժանկարի նախագիծերէն մէկն է:
Շարժանկարի ոլորտին յատկացուած կէս միլիոն տոլարի շրջանակներուն մէջ շարժանկարի կեդրոնը 2014-ին կը նախատեսէ աւարտին հասցնել 12 ժապաւէն: «Այսպիսի պիւտճէով, Հայաստանէն բացի, աշխարհի մէջ որեւէ պետական շարժանկար չի ստեղծուիր», ըսած է Գէորգ Գէորգեանը` միաժամանակ նշելով, որ հայ շարժանկարի գործիչները արդէն կը տիրապետեն սուղ միջոցներով ժապաւէններ ստեղծելու վարպետութեանը: Շարժանկարին յատկացուած սուղ միջոցներուն զգալի հատուածը կը տրամադրուի երիտասարդ բեմադրիչներու մեկնարկային ժապաւէններուն:
«Նոր փարաջանովներ եւ փելեշեաններ յայտնաբերելու համար երիտասարդներուն դրսեւորուելու կարելիութիւն պէտք է տալ», համոզուած նշած է շարժանկարի կեդրոնի տնօրէնը: 2013-ի հայկական շարժանկարի արտադրանքը պիտի գնահատէ արդէն «Հայակ 2014» ազգային շարժանկարի մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 26-ին կամ մայիս 3-ին` պայմանաւորուած օփերային թատրոնի աշխատանքային յայտագիրէն: Յայտնենք, որ ազգային շարժանկարի մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի նախագահը այս տարի բեմադրիչ Էդկար Բաղդասարեանն է:

