Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ի Շահ Հայութեան

Յ. Մ. 

Արաբական հետաքրքրական ասացուածք մը կայ` «Մի՛ ատէք բան մը, գուցէ բարի ըլլայ ձեզի համար»: Արաբերէն լեզուին ծանօթներուն համար անծանօթ ասացուածք մը չէ ասիկա: Հետաքրքրական է եւ իմաստուն, ինչպէս` շատ ասացուածքներ եւ առածներ, որովհետեւ յոռետեսութիւնը լաւատեսութեամբ հակակշռելու, կիսով լեցուն բաժակին միայն դատարկ կէսը չտեսնելու, մէկ խօսքով` բացասականը դրականի վերածելու խելացի խորհուրդ մըն է:

Հայերս շատ պէտք ունինք այս խորհուրդին` մեր աւանդաբար ժառանգած տխրութիւնը ժպիտով փարատելու եւ անմիջապէս յուսահատութեան գիրկը չիյնալու համար:

Սուրիան պատուհասած պատերազմը բնականաբար պիտի պատուհասէր նաեւ հայ համայնքը Սուրիոյ տարածքին եւ յատկապէս` Հալէպի մայր գաղութը, որուն որպէս հետեւանք` հազարաւոր հայեր լքեցին իրենց տուներն ու ափ առին մերձաւոր եւ հեռաւոր երկիրներ, ըստ իրենց պայմաններուն կամ նախասիրութեան:

Առիւծի բաժինը ինկաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի:

Արդէն երկու տարին անցած է, եւ ժամանակաւորապէս հեռացողներ, պատերազմին աւարտը չտեսնելով հորիզոնի վրայ, փորձած են մնայուն կայք հաստատել, գործի ձեռնարկել եւ արմատաւորուիլ, եթէ հնարաւոր է, ան ալ` բազմատեսակ դժուարութիւններու կուրծք տալով:

Մինչեւ այստեղ բնական հոլովոյթն է պատահածին եւ թերեւս զարմանաք, թէ ի՛նչ կապ ունի ասիկա վերը յիշուած ասացուածքին հետ:

Ըսե՛մ: Առանց անուններ տալու. կան երկիրներ, որոնք իրենց գաղթաշխարհի հայրենակիցները հայրենիք վերադարձնելու համար ի՜նչ միջոցներու կը դիմեն. ի՜նչ գրաւիչ հեռանկարներով կը համոզեն:

Մեր մանկութենէն ի վեր մեր երազը եղած է օր մը մէկտեղուիլ հայրենիքի մէջ: Հաշիւը չկայ այս մասին գրուած յօդուածներու, բանաստեղծութիւններու, երգերու, գրաւոր ու բանաւոր կոչերու, որոնցմով ողողուած եղած է սփիւռքը եւ սփիւռքահայերու հոգիները: Ու ահա, այսօր, առանց հայրենադարձութեան պետական ծրագրի, առանց նոր ներգաղթի մը, հազարաւոր հայեր արդէն ինքնորոշմամբ, ինքնակամօրէն հասած են Հայաստան:

Հայրենի կառավարութիւնը պէտք չէ՞ր օգտուեր այս բացառիկ առիթէն ու դժբախտութիւնը բարեբախտութեան վերածէր: Այսինքն իրենց տունն ու տեղը լքած սուրիահայերու դժբախտութիւնը փոխարինէր Հայաստանի մէջ կայք հաստատելու բարեբախտութեամբ:

Անշուշտ ասոր համար յատուկ ծրագիր պատրաստուելու էր` եկուորները տեղաւորելու, անոնց աշխատանք ապահովելու եւ կեցութեան դիւրութիւններ ստեղծելու: Սակայն այս բոլորէն առաջ կարեւոր էր փափաքը. հայրենի պետութիւնը պիտի փափաքէ՞ր նոր քաղաքացիներով լեցնել երկիրը, յատկապէս` արտագաղթած հայրենահայերու ձգած բացը:

Անշուշտ միլիոնէ աւելի արտագաղթածներուն բացը հինգ, կամ տասը հազարով չի լեցուիր, սակայն, վերջապէս, արհամարհելի թիւ մը չէ:

Վստահ եմ, որ քմծիծաղողներ պիտի ըլլան եւ ըսեն, որ երբ Հայաստանի մէջ միջոցներ չկան կանխարգիլելու համար արտագաղթը, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ նորեկները ընդգրկելու համար միջոցներ ձեռք առնուին:

Սակայն պատմութիւնը յիշողութիւն ունի եւ սեւ կէտ մը պիտի դնէ անունին առջեւ այն հատուածին, որ իր տարաշխարհի քոյրերն ու եղբայրները գրկաբաց ընդունելու փոխարէն` վանողական վերաբերմունք ցոյց կու տայ:

Միամտօրէն թող չըսուի, որ Հայաստանը այսպէս կը վարուի, որովհետեւ սփիւռքահայութեան կրօնական թէ ազգային ղեկավարութիւնը դէմ է գաղութները պարպելու: Քանի՜ քանի՛ անգամներ ըսուած է, որ սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ է, կարելի չէ ընդմիշտ սփիւռք մնալ, այսինքն` գաղութ, պահելով դիմագիծ, լեզու, ինքնութիւն: Երբ քու հողդ չկայ ոտքերուդ տակ, օր մը անպայման լուծուելու եւ ձուլուելու ես:

Որքան կանուխ ըլլայ հայրենադարձութիւնը, այնքան լա՛ւ, քանի որ ամենադիմացկուն գաղութները` Լիբանանն ու Սուրիան, կրնան դիմանալ միւսներէն քիչ մը աւելի երկար, սակայն վերջ ի վերջոյ պիտի չքանան:

Ասիկա գուշակութիւն չէ, ասիկա իրականութիւն է:

Չենք ուզեր դիմադարձել եղած կոչերուն, սակայն փափաքելի է, որ արտերկիր մնալ փափաքողը ազատ ըլլայ իր որոշումին մէջ, իսկ Հայաստան հաստատուիլ ուզողին համար ալ թող պայմաններ ստեղծուին:

Այս անորոշ, երկկենցաղ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ, թէ չէ երրորդ կողմնորոշում մը, որ սկսած է բոյն դնել կարգ մը գաղթած հայերու մօտ, կրնայ վարակել ուրիշներ ալ, եւ այդ պարագային ո՛չ հայրենիքը կը շահի, ո՛չ ալ Սուրիան, այլ` Շուէտն ու Հոլանտան…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )