Լէա Չավտարեան Յաջողեցաւ Միացեալ Նահանգներու «Yes» Ծրագիրի Քննութիւններուն
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Լէա Չավտարեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու «YES» (Youth Exchange and Study) ծրագիրի քննութիւններուն եւ արձանագրեց պատուաբեր յաջողութիւն: Ուստի, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորութեամբ, Չավտարեան 2014-2015 տարեշրջանին իր ուսումը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը «YES» ծրագիրը որդեգրած է 2002 թուականին, որուն նպատակն է ծանօթացնել Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւնն ու արժէքները, ինչպէս նաեւ` ստեղծել մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւններ:
Չավտարեան միամեայ կրթական ծրագիրին կողքին, պիտի հետեւի ղեկավարման ծրագիրներու եւ բազմաթիւ երկիրներէ համախմբուած աշակերտներու պիտի ծանօթացնէ Լիբանանի եւ Հայաստանի արժէքները:
Լէա Չավտարեան Մեսրոպեան վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտն է, որ կը յաջողի Միացեալ Նահանգներու «YES»-ի քննութիւններուն, հակառակ անոր որ վարժարանի կրթական թեքումը ֆրանսական է:
Այս առիթով, մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Չավտարեանի ընտանիքին եւ ուսուցիչներուն եւ կը մաղթենք, որ ան յաջողութեամբ կը հետեւի ծրագիրներուն ու բարձր կը պահէ վարժարանին, Լիբանանին եւ հայութեան անունը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

