Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմինին Եւ Երիտասարդներու Աննախընթաց Խուռներամ Ներկայութեան. Կլոր Սեղան` Հայ Ընկերութեան Մէջ Օտարամոլութեան, Թմրամոլութեան, Օտար Ամուսնութեան Եւ Աղանդներու Մասին

Glor-Seghan1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին, երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նշեալ մարմինի երկրորդ կլոր սեղանը` «Լիբանանահայութիւնը եւ յոռի երեւոյթներուն անդրադարձը» նիւթով եւ «Միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին» առաջադրանքով:

Հոգեւոր հայրերու, երեք համայնքներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու, ազգայիններու եւ յատկապէս երիտասարդներու ու ուսանողներու հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին անունով կատարեց Վիգէն Գուճանեան, որ ողջունեց ներկաները` թուելով կլոր սեղանին արծարծելիք նիւթերուն գլխաւոր խորագիրները` օտարամոլութիւն, թմրամոլութիւն, օտար ամուսնութիւն եւ աղանդներ: «Խառն ամուսնութիւնը աւերներ կը գործէ հայ կեանքին մէջ, հայ երիտասարդութիւնը` կլանուած ինչ-ինչ շռայլ խոստումներէ, զոհ է», ընդգծեց Գուճանեան` նշելով, որ ընկերային-հասարակական յոռի երեւոյթներ մարտատհրաւէրներ են, որոնք մեր դէմ կը ցցուին` ժխտական ազդեցութիւն ունենալով:

Օրուան զրուցավարն էր Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ նշեց յոռի երեւոյթները` ընդգծելով, որ անոնք կը վտանգեն մեր ազգային ինքնութիւնը: «Դարը փոխուած է ընկերութիւն հասկացողութիւնը շատ աւելի բարդ է ներկայիս», շեշտեց Ծատուրեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան զեկուցաբեր-բանախօսները`

Անի Գալուստ, Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան

Անի Գալուստ, Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան

– Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան` ճարտարարուեստական հոգեբանութեան մասնագէտ եւ միութենական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններով գործօն անդամ:

– Պատուելի Սեպուհ Թերզեան` ՔԱՀԼ-ի տնօրէն:

– Անի Գալուստ` հայ բանտարկեալներու հետ երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող ընկերային ծառայող:

– Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան` դպրեվանքի փոխտեսուչ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ:

Վիգէն Գուճանեան

Վիգէն Գուճանեան

Ապա աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ զեկուցաբերները անդրադարձան նշուած ախտավարակ երեւոյթներուն: Զեկուցումներուն ընթացքին մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցան տեսանիւթեր, ուր հայ երիտասարդներ, երէցներ, առեւտրականներ, ծնողներ եւ հայուհիներ իրենց կարծիքները փոխանցեցին օրուան նիւթերուն շուրջ` պարզելով այդ յոռի երեւոյթներուն ժխտական անդրադարձները հայ ընտանիքին եւ հայ ընկերութեան վրայ:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ անդրադարձաւ հետզհետէ շեշտուող օտարամոլութեան երեւոյթին, որ հակառակ «մեծ»-երու նախազգուշացումներուն տակաւին կը շարունակուի` խորապէս խոցելով մեր ընկերութիւնը: Ազեզեան նշեց կարգ մը հայերու մօտ տիրող օտարամոլութեան երեւոյթը, ուր անոնք կը նախընտրեն հեռանալ հայ ընկերութենէն, չեն հետաքրքրուիր հայկական հասարակաց հարցերով, չեն լսեր ու չեն հաղորդուիր հայկական երաժշտութեամբ: Ազեզեան նիւթապաշտութեան, ցուցամոլութեան կողքին յոռի երեւոյթներու շեշտաւորման շարժառիթ-պատճառներէն նկատեց նաեւ համաշխարհայնացումի երեւոյթը:

Մէջբերումներ կատարելով Յակոբ Պարոնեանէն եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանէն` Ազեզեան անդրադարձաւ կարգ մը լիանանահայ անհատներու մօտ տիրող հոգեբանութեան, որով անոնք կը փորձեն ոչ հայ` արաբական-լիբանանեան շրջանակներու հետ շաղուիլ` խորհելով, թէ այդպիսով կրնան իրենք զիրենք փաստել իբրեւ առաջին կարգի լիբանանցի քաղաքացիներ ու վանել եւ յաղթահարել հայու խտրականութեան զոհ ըլլալու հանգամանքը լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Ազեզեան շեշտեց, որ պէտք է զարկ տալ հայեցի դաստիարակութեան եւ փոքր տարիքէն հայ պատանիին ջամբել հայ մշակոյթի սէրը: Ան նշեց հայեցի դաստիարակութեան չորս սիւները` դպրոցը, ծնողքը, եկեղեցին եւ ակումբը` անդրադառնալով հայ կեանքին մէջ իւրաքանչիւրին առաքելութեան:

Ապա խօսք առաւ պատուելի Սեպուհ Թերզեան, որ նշեց, թէ անցեալին ոչ թէ պայման էր հայ ըլլար հայ երիտասարդին կամ երիտասարդուհիին ապագայ կողակիցը, այլեւ` հայրենակից: Ան կէս կատակ կէս լուրջ նշեց, թէ ինչպէս հայկական կարգ մը շրջանակներու մօտ նկատի կ՛առնուէին նաեւ հայուհիին ճաշ եփելու ունակութիւնները…: «Օտար ամուսնութիւնները ներսէն կը հիւծեն մեր ընկերութիւնը», շեշտեց պատուելի Թերզեան` նշելով, որ ըստ եկեղեցական «լաւատես» աղբիւրներու, խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը հասած է 30 առ հարիւրի` մեր ընկերութեան մէջ:

Ան աւելի վտանգաւոր նկատեց նման ախտավարակ երեւոյթներու (օտարամոլութեան, խառն ամուսնութիւն…) բնական երեւոյթի վերածուիլը: «Մենք ցեղապաշտ չենք, ոչ ալ օտար ազգերը կ՛արհամարհենք, բայց մեր իրաւունքն է նախանձախնդիր ըլլալ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակոյթի զարգացման», ընդգծեց պատուելին: Պատուելի Թերզեան նաեւ անդրադարձաւ հայ ընտանիքին, հայ տան մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական պայմաններուն` անհրաժեշտ նկատելով «մեր ունեցած» ազգային կառոյցներուն բարեկարգումը:

Երրորդ զեկուցաբերն էր Անի Գալուստ, որ երկարօրէն անդրադարձաւ լիբանանեան գլխաւոր բանտին մէջ արգելափակուած հայ բանտարկեալներու հետ իր երկարամեայ փորձառութեան` ցաւ յայտնելով, որ հայկական պատկան մարմիններ մօտէն չեն հետաքրքրուիր հայ բանտարկեալներու կացութեամբ:

Անդրադառնալով մեծամասնութեամբ թմրամոլութեան յանցանքով արգելափակուած հայ բանտարկեալներու (որոնց թիւը կը հասնի 75-ի) ընտանիքներուն` Գալուստ նշեց, թէ անոնցմէ շատեր անտարբեր են եւ երբեք չեն հետաքրքրուիր իրենց զաւակներուն կացութեամբ: Ան յայտնեց, որ ոչ հայ քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորականներ յաճախ կ՛այցելեն բանտ ու հոգեւոր քարոզներ կը մատուցեն: Հայ եկեղեցականներու այցելութեան բացակայութեան, երկու հայ բանտարկեալներ իսլամ դարձած են, նշեց տիկին Անի Գալուստ:

Այս գծով ներկաներէն Մեսրոպ քհնյ. Քերքէզեան լուսաբանեց, թէ տարիներ առաջ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանին կողմէ իբրեւ պատուիրակ յաճախ կ՛այցելէր նշեալ բանտը եւ հերթական պատարագ կը մատուցէր բանտին մէջ` հայ բանտարկեալներուն համար: Ինք եւ պատկան մարմիններ, բժիշկներու օգնութեամբ յաջողած են բանտին մէջ ընկերային պահ մըն ալ կայացնել, նշեց տէր հայրը` յիշեցնելով, որ օրին կարելի եղած է անվճար, փաստաբաններու օգնութեամբ ազատ արձակել կարգ մը հայ բանտարկեալներ: Տէր Մեսրոպ փափաք յայտնեց վերակենդանացնելու նշեալ մարմինն ու անոր առաքելութիւնը:

Վերջին զեկուցաբերն էր Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ անդրադարձաւ աղանդներու երեւոյթին հայ ընկերութեան մէջ: Պատմական հակիրճ ակնարկով մը հայր Տոնոյեան թուեց դարերու ընթացքին ի յայտ եկած աղանդները (Թոնդրակեցիներ, Պաւղիկեաններ…) որոնք սակայն չեն կրցած խախտել հայ ժողովուրդի հաւատքը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Անդրադառնալով ժամանակակից հայընկերութեան` յատկապէս հայրենիքի թէ լիբանանահայ գաղութին մէջ սպրդած աղանդներուն, հայր սուրբը նշեց անոնցմէ գլխաւոր երեքը` Եհովայի վկաները, Գալստեան շարժումը եւ հոգեգալստական բողոքական կամ աւետարանական շարժումը, որ խորքին մէջ կապ չունի հայ աւետարանական համայնքին հետ եւ անկէ դուրս կ՛իյնայ: Հայր սուրբը անհրաժեշտ նկատեց հայ վարժարաններուն մէջ եկեղեցական, հոգեւոր բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելը` ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին ունի ազգային պատկանելիութիւն, անիկա մեր ինքնութիւնն էր, մեր անցագիրը: «Այն գաղութին մէջ, ուր գմբէթ չկայ, այդ գաղութը ընկճումի կ՛երթայ», շեշտեց Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան` մէջբերելով 1970-ական թուականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»-ի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այն խօսքը, թէ` հայ ժողովուրդը կը նմանի աղաւնիի մը, որուն մէկ թեւը եկեղեցին է, իսկ միւսը` ազգը:

Աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով յայտնեց, որ մարմինը յաւակնութիւնը չունի հրաշագործ անմիջական լուծումներ բերելու արծարծուած հարցերուն` խոստանալով, որ արծարծուած բոլոր նիւթերը, որոնք ընդգրկեցին նաեւ միասեռականութիւնն ու քաղաքացիական ամուսնութիւնը, մօտ ապագային պիտի ներկայացուին մամուլով, յատուկ էջով ուր անդրադարձ պիտի կատարուի ներկայացուած զեկուցումներուն եւ առաջարկներու բանաձեւումներուն:

Նշենք, որ քննարկուած նիւթերուն իմաստն ու պատգամը խորհրդանշող յատուկ գծագրութիւններ պատրաստուած էին հայ վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ եւ զետեղուած` «Փիւնիկ» սրահի պատերուն վրայ:

Կլոր սեղանի քննարկման աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումերուն, որմէ ետք անոնք հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES