Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Հրասանդերու Տեղատարափ` Նոր Գիւղի Մէջ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ին, Հալէպի Նոր Գիւղ հայահոծ շրջանին մէջ մէկէ աւելի հրասանդի հիթիռներ ինկան:

Հրասանդի հիթիռներէն մէկը ինկաւ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ազգապատկան «Կիլիկիա» շէնքէն քիչ մը անդին, տեղնուտեղը զոհուեցան երկու քաղաքացիներ` արաբ կին մը եւ անոր թոռնիկը, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան. վիրաւորները անմիջապէս տարուեցան դարմանատուն, համապատասխան դարմանումներէ ետք անոնց առողջական վիճակը կայուն է: Արձանագրուեցան նաեւ նիւթական վնասներ:

Երկրորդ, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին երկու հրասանդերու թիրախը ծաղկավաճառ ՄԻՏԱՆի մօտն էր:

Երրորդ, Ազգային Սահակեան վարժարանի թիկունքին: Այլ հրասանդի հրթիռներ եւս պայթեցան: Սակայն, վերջին հրասանդերու պայթումները բարեբախտաբար ֆիզիքական լուրջ վնասներ չարձանագրեցին, այլ պատճառեցին միայն քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:

 

Share this Article
CATEGORIES