Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւններ Եւ Մրցաշարքեր. Ակումբներուն Ուղղուեցան Հրաւէրներ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը լիբանանեան բոլոր ակումբները անխտիր հրաւիրեց մասնակցելու այս տարեշրջանին տեղի ունենալիք բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:

Բոլոր ակումբներուն պայմանաժամ տրուած է առաւելագոյն մինչեւ ուրբաթ, 7 փետրուար պաշտօնապէս ֆետերասիոնին տեղեկացնել, թէ ո՞ր մրցաշարքերուն կ՛ուզեն մասնակցիլ:

Ֆետերասիոնը նաեւ յայտնեց, որ ակումբները պարտին, իւրաքանչիւր մրցաշարքէ առաջ իրենց մարզիկներուն անդամաքարտերը ցոյց տան:

Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցաշարքերը:

– Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարք:

– Տղոց եւ աղջկանց տարիքային մրցաշարք. 1996, 1997, 1998, 1999, 2000 եւ 2001-ի ծնունդ:

– Տղոց եւ աղջկանց մինի-պասքեթ. 2002, 2003, 2004 եւ 2005-ի ծնունդ:

Share this Article
CATEGORIES