Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Թատամոն - Պըժժէ մրցումէն PROFOTO

Թատամոն – Պըժժէ մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 5 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Շանվիլի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, նոյն ժամուն, սակայն Ղազիրի դաշտին վրայ, Սաժես կը հիւրընկալէ Հուփսը:

Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Թատամոն կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Ամշիթէն, 89-73 արդիւնքով: Ամշիթ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Սաժեսէն: Մէյսի Ժերեմիա (Ամշիթ) նշանակեց 19 կէտ, իսկ Ֆէյմըս Ճերըտ (Թատամոն)` 23 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Ռիատի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 86-74 արդիւնքով յաղթելով Պըժժէի: Վերջինս կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Ռիատիէն 20 կէտ նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ, իսկ Պըժժէէն նոյնքան կէտ` Ճոնաթըն Էյվըրի:

Share this Article
CATEGORIES