Ճատրակ. Ցիւրիխի Գերմրցաշարք. Մակնիւս Քարլսըն Տիրացաւ Տիտղոսին
Երէկ աւարտեցաւ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը, երբ վերջնական դասաւորման մէջ աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն ապահովելով 10 կէտ տիրացաւ տիտղոսին:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 9 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:
Նշենք, որ արագ ճատրակին մէջ Արոնեան հանդիսացաւ երրորդ` 3 կէտով, մինչ առաջին հանդիսացաւ Ֆապիանօ Քարուանօ, որ ապահովեց 4 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

