Լեւոն Ջուլֆալակեան` Հայաստանի Հաւաքականի Նախապատրաստական Հանգրուանին Մասին

Լեւոն Ջուլֆալակեան
Յունահռոմէական ոճի Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը կը շարունակէ պատրաստուիլ 2014-ին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:
Հայրենի ըմբիշները արդէն իսկ երկու հաւաք կատարած են, մինչ երրորդը կը սկսի այսօր:
Պահը յարմար նկատելով եւ ազգային հաւաքականին նախապատրաստական շրջանին ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու նպատակով, ArmSport.am յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանին հետ:
Հարցազրոյցին մէջ Ջուլֆալակեան ըսաւ. «Նախապատրաստական հանգրուանը շատ լաւ ձեւով կ՛ընթանայ եւ տեղի ունեցած երկու հաւաքներէն ետք պիտի սկսի երրորդը` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս ամիս Պուլկարիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցաշարք մը, որուն մասնակցելու համար հոն պիտի մեկնինք 19 փետրուարին: Անկէ ետք տեղի պիտի ունենան երկու այլ հաւաքներ, որոնցմէ ետք յառաջիկայ ապրիլին մեր լաւագոյն ըմբիշներով պիտի մասնակցինք Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
«Պէտք չէ մասնակցինք նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ: Սակայն կազմակերպիչները մեզի յայտնեցին, որ տարբեր պատճառներով մրցաշարքը անորոշ թուականով մը յետաձգուած է: Անոր մեր մասնակցութիւնը յայտնի է, սակայն ցարդ չենք վճռած, որ մեր հիմնակա՞ն, թէ՞ պահեստի կազմով պիտի մասնակցինք:
«Եզրափակելով կու գամ ըսելու, որ առայժմ մեր կատարած փորձերուն չի մասնակցիր միայն Ռոման Ամոյեան` նկատի ունենալով, որ ան իր գերմանական ակումբին հետ հասած է այդ երկրի ախոյեանութեան աւարտականին եւ այդ ախոյեանութեան աւարտէն ետք անմիջապէս պիտի միանայ մեր հաւաքականին»:

