Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին. Ուալիտ Նասսար Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Walid-NassarԼիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար երկուշաբթի, 10 փետրուար 2014-ին երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին այս տարուան ծրագիրը, պիտի ներկայացնէ տեղի ունենալիք բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով մանրամասն տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ամէն տարիքի Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերուն հետ առնչուող մանրամասնութիւններ:

Այս գծով յատուկ հրաւէրներ ուղղուած են ֆետերասիոնին կողմէ նկատի առնուած կարեւոր անձնաւորութիւններուն եւ մարզական լրագրողներուն:

Share this Article
CATEGORIES