Եանուքովիչ Պատրաստ Է Արտակարգ Ընտրութիւններու

Վիքթոր Եանուքովիչ

Վիքթոր Եանուքովիչ

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատային մէջ նախագահի ներկայացուցիչ Շրջաններու կուսակցութեան անդամ Եուրի Միրոշնիչենքօ «Այ.Սի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Խօսքի ազատութիւն» յայտագիրին ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ պատրաստ է արտակարգ ընտրութիւններու կայացման, եթէ ներքաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման հարցին մէջ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը փոխզիջում չկատարեն:

Միրոշնիչենքօ` մէջբերելով նախագահին խօսքերը, ըսած է. «Եթէ մենք` քաղաքական գործիչներս, չենք կարենար համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ստեղծուած իրավիճակը շտկելու միակ ժողովրդավար տարբերակը արտահերթ ընտրութիւններու կատարումն է: Խօսքը սահմանադրական բարեփոխումներու, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու մասին է»:

Քլիչքօ. «Ուքրանիան Քաղաքացիական
Պատերազմի Շեմին Կանգնած Է»

«Վրեմիա» կը գրէ, որ Ուքրանիոյ ընդդիմադիր «Ու ԴԱՌ» կուսակցութեան ղեկավար Վիթալի Քլիչքօ երէկ արտասահմանեան լրատուական գործակալութիւններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիան կանգնած է քաղաքացիական պատերազմի շեմին, եւ երկրին մէջ իրավիճակը կրնայ բռնապետութեան առաջնորդել:

Քաղաքական գործիչը նշած է, որ երկրին մէջ իրավիճակը ծայրայեղ է եւ կրնայ փոխուիլ որեւէ պահու, այնպիսի ձեւով, որ «չենք հասնիր աչք թարթելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES