Էրտողանի Կուսակից 4 Քաղաքապետներ Եւ Քաղաքապետարանի Անդամներ Հեռացած Են Կուսակցութենէն

Էրտողան եւ Կիւլէն

Էրտողան եւ Կիւլէն

2 փետրուարին Աֆիոնքարահիսարի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 350 անդամներու հրաժարումով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան միանալէն ետք, կուսակցութեան շարքերէն հրաժարականներու շարքը կը շարունակուի:

Թրքական «Սէօզճիւ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ատըեաման նահանգի Պենի եւ Սինճիք շրջաններու չորս քաղաքապետներ եւ քաղաքապետարանի անդամներ հեռացած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութենէն:

Ատըեաման նահանգի Սուվարլը քաղաքի քաղաքապետ Էօմեր Ֆարուք, Քոեճելիի քաղաքապետ Էօմեր Օրհան, Սինճիքի քաղաքապետ Հասարի Ալթընելի, Ինճիլէի քաղաքապետ Էպուպեքիր Ումուրհան եւ քաղաքապետարանի շարք մը անդամներ յայտարարած են, որ կը հրաժարին իշխող կուսակցութենէն:

Ալթընէլի նշած է, որ իր եւ միւսներուն հրաժարելուն պատճառը կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ իրենց կատարած աշխատանքը չգնահատելն է:

Էրտողանի Թիկնապահներէն 23-ը
Հեռացուած Են Աշխատանքէ

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողանի թիկնապահներէն 23-ը հեռացուած են աշխատանքէ: Այդ քայլը առնչուած է Էրտողանի գրասենեակին մէջ գաղտնալսող սարքերու յայտնաբերման հետ:

Աշխատանքէ հեռացուածներուն շարքին են թէ՛ Էրտողանի հետ շրջող, թէ՛ վարչապետի գրասենեակի անվտանգութեան տեսախցիկներուն հսկող աշխատակիցներ:

Սուրիա Զէնք Փոխադրող Բեռնատարը
Կանգնեցուցած Գնդապետը Պաշտօնազրկուած Է

«Սէօզճիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ատանայի նահանգին մէջ չորս բեռնատար կանգնեցուցած եւ խուզարկում կատարած Ատանայի կիսազինուորական ոստիկանութեան հրամանատար գնդ. Էօզքան Չոքան պաշտօնազրկուած է:

Նախապէս աշխատանքէ հեռացուած էր այդ բեռնատարները խուզարկելու հրահանգ տուած Ատանայի դատախազ Ազիզ Թաքչըն:

Թրքական մամուլին պնդումներով, Սուրիա ուղղուող բեռնատարները զէնք կը փոխադրէին:

Կիւլեն Դատական Հայց Ներկայացուցած Է
Էրտողանի Դէմ

«Սէօզճիւ» կը հաղորդէ, որ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի փաստաբան Նուրուլլահ Ալպայրաք Անգարայի քաղաքացիական գործերով դատարան ներկայացուցած է Էրտողանի դէմ հայց, որով վարչապետէն կը պահանջէ հարիւր հազար լիրա(46 հազար տոլար) հատուցում Կիւլենի հասցէին կատարուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն համար:

Հայցին մէջ նշուած է, որ Էրտողան 17-էն 25 դեկտեմբերի 2013 տեղի ունեցած «Մեծ կաշառք» գործողութենէն ետք սկսած է օգտագործել Կիւլենի եւ անոր համակիրներուն նկատմամբ թշնամութիւն սերմանող արտայայտութիւններ եւ վիրաւորական խօսքեր, որոնք օրը օրին աւելցած են:

Share this Article
CATEGORIES