Քրէյլման Կակաուզներու Ինքնորոշման Իրաւունքը Օրինակ Կը Նկատեն

Ֆրանք Քրէյլման

Ֆրանք Քրէյլման

«Կակաուզինֆօ» կը հաղորդէ, որ Միջազգային դէտերու խմբակի ներկայացուցիչ, պելճիքական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Քրէյլման յայտարարած է, որ միջազգային դէտերը օրինական կը նկատեն Մոլտավիոյ ինքնավար տարածք Կակաուզիոյ մէջ Մաքսային միութեան հարցով հանրաքուէի կատարումը:

Նախնական զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ հանրապետութեան անկախութեան կորուստի պարագային ինքնավար տարածքին ինքնորոշման իրաւունքը երաշխաւորուած է օրէնքով:

«Մոլտաւիոյ ղեկավարութիւնը պէտք է խորհրդակցի Կակաուզիոյ հետ` երկրին արտաքին ուղղութեան շուրջ: Հանրաքուէ կատարելը քաղաքացիներու հետ իշխանութիւններու խորհրդակցութեան տարր է, որ եւրոպական քաղաքական մշակոյթի բաղադրիչ մասն է, որ օրինակ, գոյութիւն ունի Պելճիքայի մէջ», ըսած է Քրէյլման:

Հաղորդուած էր, որ 2 փետրուարին Մոլտաւիոյ ինքնավար տարածք Կակաուզիոյ մէջ հանրաքուէ տեղի ունեցած էր` Մաքսային միութեան միանալու կարելիութեան հարցով:

Տեղւոյն ընտրական յանձնախումբին տուեալով` Մաքսային միութեան անդամակցութեան կողմ քուէարկած է քաղաքացիներուն 98.47 առ հարիւրը, Եւրոպական Միութեան կողմնակիցները ընդամէնը 2.77 առ հարիւր կազմած են:

Հանրաքուէի միւս հարցը` Կակաուզիոյ կարգավիճակին մասին (Մոլտավիոյ անկախութեան կորուստի պարագային ատոր կազմէն դուրս գալու կարելիութիւն) եւս արժանացած է քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութեան աջակցութեան, քուէարկողներուն 98.9 առ հարիւրը աջակցած է այդ գաղափարին: Մասնակցութեան համեմատութիւնը 70.42 առ հարիւր եղած է:

Եւրոպական ուղղուածութիւնը Մոլտաւիոյ մէջ պառակտում յառաջացուցած է. կակաուզական ինքնավարութիւնը դէմ արտայայտուած է Ռումանիոյ հետ միաւորման եւ կողմ` Մաքսային Միութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES