Տիգրանակերտի Մէջ 1600 Տարուան Եկեղեցին Մզկիթի Կը Վերածեն

Յայտնաբերուած պատմական եկեղեցին

Յայտնաբերուած պատմական եկեղեցին

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Հիմնադրամներու տարածքաին կոմիտէն Տիգրանակերտի մէջ 2007-ին յայտնաբերուած 1600-ամեայ եկեղեցւոյ աւերակներուն վրայ մզկիթ եւ դամբարան կը կառուցէ:

Թանգարաններու վարչութիւնը ուզած էր այդ տարածքին մէջ պեղումներ կատարել: 2007-ի ընթացքին քսան օր տեւած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած էր երկու հարիւր քառակուսի մեթր տարածքի վրայ 1600-ամեայ շինութիւն մը, ուր կ՛երեւէր Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներու ճարտարապետական կառոյց մը:

Ենթադրաբար անիկա եկեղեցի եղած է:

Երկար ժամանակ տարածքը անխնամ ձգուած է: Ատկէ ետք Տիգրանակերտի որոշ շրջանակներ սկսած են պնդել, որ անիկա Սասա սուլթանի դամբարանն է:

Տարածքը երկար ժամանակ անտէրութեան մատնուելուն պատճառով, պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած պատմական ապացոյցները ոչնչացուած են, իսկ շրջակայքը աշխատողները 1600-ամեայ պատմական շինութիւնը աղբանոցի վերածած են:

Թէեւ պեղումներու ժամանակ սուլթան Սասայի դամբարանը չէ յայտնաբերուած, սակայն պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ տարածքը իբրեւ դամբարան կը նշուի:

 

Share this Article
CATEGORIES