Մամետեարով Անդրադարձած Է Սուրիոյ Մէջ Կռուող Ազրպէյճանցի Զինեալներու Հարցին

Էլմար Մամետեարով
1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ կռիւներուն մասնակից ազրպէյճանցիներու հարցին:
«Մենք չենք ուզեր, որ Ազրպէյճանի քաղաքացիները մասնակցին եւ զոհուին զինուորական գործողութիւններու ընթացքին, ուր որ ալ ըլլայ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ», յայտարարած է ան:
Ան յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճան Սուրիայէն դուրս բերած էր իր քաղաքացիները տագնապին սկսելէն անմիջապէս ետք, եւ այժմ Պաքուն արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով կ՛ուսումնասիրէ Սուրիոյ մէջ շարունակուող մարտական գործողութիւններուն Ազրպէյճանի քաղաքացիներու մասնակցութեան հարցը:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ տագնապին սկիզբէն ի վեր աւելի քան 100 ազրպէյճանցի զինեալ սպաննուած է:
CATEGORIES Միջազգային

