Իվանիշվիլի.«Վրաստան Օգոստոսին Անպայման Պիտի Ստորագրէ Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը»

Ivanishvili«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի կարծիքով, Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի կնքումը, որ նախատեսուած է օգոստոսին, անպայման տեղի պիտի ունենայ:

«Ես կը վերլուծեմ իրավիճակը, եւ կը կարծեմ, որ չկայ իրական ուժ մը, որ պիտի կարենայ խոչընդոտել այս հոլովոյթի իրականացումը: Ոչ ոք եւ ոչինչ պէտք է խանգարէ զայն», ըսած է Իվանիշվիլի` աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ Վրաստան կը պատրաստուի իր բոլոր ջանքերը ներդնելու` որքան կարելի է շուտ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու համար:

Share this Article
CATEGORIES