Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի անկարգելաւորներու զօրամասը Պաալպեքի արեւմուտքը գտնուող Տար Ուեսաայի եւ Շարաուինայի մէջ ձերբակալումներ կատարած է, ինչպէս նաեւ գրաւած է զէնքեր, զինամթերք, գողցուած ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակով թմրեցուցիչ:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ տակաւին կառավարութեան վերջնական կազմ մը չէ պատրաստած:
ԹԱՅՅՈՒՆԷԻ մէջ լսուած է ձայնային ռումբի պայթում մը, որ վնասներ չէ պատճառած:
«ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ փրկութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Պշարա Ապի Եունես երէկ լրագրողներու սենտիքային մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց իր թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու` նշելով այդ կառավարութեան ազգային եւ համախմբող ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:
ՔՖԱՐՔԻԼԱՅԻ սահմանամերձ շրջանին մօտակայքը իսրայէլացի զինուորները սահմանը բաժնող փշաթելերուն մօտ ընդվզեցնող քայլերու դիմած են անցորդներուն դէմ: Իսրայէլացի զինուորները իրենց զէնքերը ուղղած եւ ընդվզեցուցիչ այլ քայլերու դիմած են անցորդներուն դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Հերմելը պայթումի թիրախ դարձնելը կը միտի յանգիլ բախումի եւ սադրանքներու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մեհրապի վերեւ թռիչք գործող օդանաւը «Եասեր» տիպի հետախուզական օդանաւ մըն է: «Անիկա այլեւս պիտի չկարենայ իր առաքելութիւնը կատարել, որովհետեւ զայն վար պիտի առնենք», ըսաւ Զահրա:
ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու դատախազ Ալի Իպրահիմ Ռումիէի բանտին վերաշինութեան աշխատանքներուն պատրուակով աւազակութիւն կատարելու եւ կաշառք առնելու յանցանքներով ամբաստանեց Ռումիէի հսկողութեան պատասխանատու սպաներ, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ կապալառու մը:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը մտահոգութիւն յայտնած են մօտիկ ապագային Ռումիէի բանտին մէջ կատարուելիք ցնցիչ գործողութենէ մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ լիբանանեան բոլոր շրջանները պայթումի թիրախ են` աւելցնելով, որ ահաբեկիչներուն արարքները արդարացնողը ցածոգի լկտիներ են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան խրտչած է կառավարութեան կազմութեան առումով տիրող շուկայական մթնոլորտէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հերմելի անձնասպանական գործողութեան հեղինակը սուրիացի մըն է, որ ծանօթ է իբրեւ Ապու Օմար Անսարի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութեան կազմութեան վերաբերող բանակցութիւնները ճկունութեամբ կը վարէ, հետեւաբար կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերը բարձր են:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ պայթումներուն նպատակն է համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ հրահրել Լիբանանի մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար զգուշացուց նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով արձանագրուած տեղքայլէն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ կ՛ուղղուի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին կազմելու «ո՛վ որ ներկայ է» տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն հանրապետութեան նախագահութեան առումով ստեղծուելիք անիշխանութիւնը, ոչ միայն քրիստոնեաներուն համար, այլեւ` ամբողջ Լիբանանին:

