Օմար Աթրաշը Պիտի Մնայ Արգելափակուած
Զինուորական ատեանի քննիչ դատախազ Նեպիլ Ուեհպէ հարցաքննեց Օմար Աթրաշը եւ անոր դէմ բանտարկութեան վճիռ արձակեց` ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու, անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ, ականուած ինքնաշարժներ, հրթիռներ եւ ականուած գօտիներ փոխադրելու, ինչպէս նաեւ բանակին դէմ յարձակելու յանցանքով:
Ապահովական աղբիւրներուն համաձայն, հարցաքննութեան ընթացքին յստակացած է, որ Աթրաշ մտերմիկ կապեր ունի «Ապու Թաքիէի»-ի հետ, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի տինամոն կը նկատուի:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Արսալի մէջ Քայիտայի անդամ հազար կռուող կայ, որոնք կը գործակցին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի կռուողներուն հետ:
Աթրաշ յայտնեց, որ «Ապու Թաքիէի»-ի մօտ կը գտնուին մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, ականուած գօտիներ, հրասանդեր, եւ ան տակաւին ծանր զէնքեր կը ստանայ Սուրիական ազատ բանակէն:
Աթրաշ խոստովանած է նաեւ, որ «Ապու Թաքիէ» զինք եւ մեծ թիւով ահաբեկիչներ զինուորագրած է:

