«Վաճառանիշերու Ծառայութեան Մարզը Փաստեց, Թէ Տնտեսական Տագնապին Ընթացքին Անիկա Բոլորէն Աւելի Երկար Կրնայ Գոյատեւել» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան

Սապունճեան կ՛ուղղէ իր խօսքը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի հովանաւորութեամբ, երէկ «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ վարժանիստ մը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Վաճառանիշերու ծառայութեան մարզին աշխատանքները:
Վարժանիստին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ վաճառանիշին արժէքը իր հռչակին մէջն է:
«Իսկ վաճառանիշը իր վարկը կը ստանայ արտադրութեան որակէն, անկեղծ աշխատանքէն, վայելուչ գործելակերպէն, ծառայութեան տեսակէն, աշխատանքի արագ գործադրութենէն եւ ազդու շարժումէն», ընդգծեց ան:
Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ Վաճառանիշերու ծառայութեան մարզը ամբողջական նախապայմաններով կը գործէ եւ փաստած է, թէ տնտեսական տագնապներուն ընթացքին անիկա բոլորէն աւելի երկար կրնայ գոյատեւել:
CATEGORIES Լիբանանեան

