«Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ներքին Լիբանանեան Որեւէ Համաձայնութիւն Արմատական Լուծում Մը Չի Նկատուիր» Շեշտեց Միքաթի

Միքաթի` Գերմանիոյ մէջ արաբ դեսպաններուն հետ

Միքաթի` Գերմանիոյ մէջ արաբ դեսպաններուն հետ

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի նշեց, որ Լիբանանի իրավիճակը ուղղակիօրէն առնչուած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած բարդութիւններուն, հետեւաբար կառավարութեան կազմութեան առումով ներքին լիբանանեան որեւէ համաձայնութիւն երկիրը յուզող հարցին արմատական լուծում մը չի նկատուիր:

Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան կացութիւնը պիտի մնայ անորոշ, մինչեւ որ շրջանին մէջ տիրող պղտոր պատկերը յստականայ:

Միքաթի ընդգծեց, որ համախմբող կառավարութեան առնչութեամբ համաձայնութիւնը տրուեցաւ շրջանային ձեռնտու պայմաններու լոյսին տակ, «սակայն ներկայիս ներքին սակարկութիւններ եւ տարակարծութիւններ կան այդ իմաստով», աւելցուց ան:

Միքաթի ցաւ յայտնեց նաեւ Արաբական աշխարհին մէջ տիրող համայնքային եւ յարանուանական լարուածութեան համար` ընդգծելով, որ ժողովրդավարութիւնը որոշում չէ, այլ` մշակոյթ, որ ամրագրուած է ժողովուրդներու կրթութեան եւ կենցաղին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES