Նախագահ Սլէյման Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Մայրապետներն Ու Առաջնորդները Ազատ Արձակելու Կարելիութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ

Նախագահ Սլէյման եւ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները եւ Մաալուլայէն առեւանգուած մայրապետները ազատ արձակելու թղթածրարը:

Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանրապետութեան նախագահէն ստացաւ շարք մը ցուցմունքներ` նախքան Նիկերիա կատարելիք իր այցելութիւնը, որուն նպատակն է հոն առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները վարել:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, որ  քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միւս կողմէ, «Ամըն Աամ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ իրեն մեծ հաճոյք պատճառողը այն է, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը մնայ պետական հաստատութիւններուն կիզակէտը:

Ան ըսաւ, որ ժողովրդավարութիւնը, իշխանութեան համակարգը, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնն ու քուէարկութիւնը անհրաժեշտ են:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ խորհրդարանի նիստերուն չներկայանալով լիագումար նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը չքացնելու մօտեցումը ապառողջ է եւ հակաժողովրդավարական:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը իրմով չէ սկսած եւ պիտի չաւարտի նաեւ սահմանադրութեամբ ճշդուած պաշտօնավարութեան ներկայ նստաշրջանով:

Ան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որ Լիբանանի գանձն է: «Մենք պէտք է գործադրենք օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը, յատկապէս Թաէֆի համաձայնագիրը, որ բոլորը պաշտպանած է», ըսաւ ան:

Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան աւելի հանդարտ հանգրուան մը դիմագրաւէ եւ Սուրիոյ փոթորիկը հանդարտի` աւելցնելով, որ ինք կը ձգտի Պաապտայէն մեկնելու ճառը կարդալ, «եւ ճառը պատրաստելու իմաստով արդէն իսկ ցուցմունքներս տուած եմ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կազմելու համար համախոհական կառավարութիւն մը, սակայն եթէ այդ մէկը կարելի չեղաւ, ապա կարելի չէ երկիրը առանց կառավարութեան պահել: «Մենք ունինք ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք, իսկ կարեւորը այն է, որ բարելաւենք անոր գործադրութիւնը», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES