Զօր. Աուն. «Արգելքներ Ստեղծողն Է, Որ Ազգային Ուխտէն Կը Շեղի Եւ Արհեստական Գործելակերպեր Կը Ձեւաւորէ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն կարդաց համախմբումէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան ծրագիրին մէջ արձանագրուած վտանգը հետեւանք է պակասաւոր խորհրդակցութիւններու, որոնցմէ ջնջուած են երկրին քրիստոնեայ խորհրդարանական ուժերը:
«Երբ մենք բողոքեցինք դիտմամբ կատարուած այս սխալին դէմ, ի յայտ եկաւ, որ անիկա պետութեան պատասխանատուներուն եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ կատարուած է: Մեզի համար յստակացաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ որոշումները տրուած են եւ մենք պէտք է ընդունինք զանոնք` հրաժեշտ տալով ազգային գործակցութեան», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ որեւէ կառավարութեան կազմութեան պարագային պէտք է կառչած մնալ սահմանադրութեան եւ օրէնքի բանաձեւերուն: Անհրաժեշտ է գործադրել սահմանադրութեամբ ճշդուած ձեւը, որուն հիման վրայ հանրապետութեան նախագահը կը կատարէ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններ, որոնք կը ճշդեն վարչապետը, ապա հանրապետութեան նախագահը կը խորհրդակցի խորհրդարանի նախագահին հետ եւ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն հիման վրայ կը ճշդէ վարչապետը: Ապա վարչապետը կը սկսի երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն` կազմելու համար կառավարութիւնը, որ կը յայտարարուի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
«Զօր. Աուն շեշտեց, որ համայնքները արդար կերպով պէտք է ներկայացուին կառավարութեան մէջ` նկատել տալով, որ սահմանադրութեան թիւ 66-րդ յօդուածը սահմանադրական անկախութիւն մը կը շնորհէ նախարարին` Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ, իսկ սահմանադրութեան յառաջաբանին մէջ նշուած սկզբունքներուն աւարտին յստակ կերպով նշուած է, թէ ազգային համերաշխութեան ուխտին հետ հակադրուող որեւէ իշխանութիւն ապօրինի է:
«Ներկայիս ցուցաբերուած գործելակերպը սահմանադրութեան բանաձեւերուն եւ յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ազգային հիմունքներուն հետ ոչ մէկ կապ ունի, հետեւաբար գործելակերպը պէտք է կտրականապէս մերժուի, որպէսզի անոր հիման վրայ նախընթացներ չստեղծուին», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նշեց, որ նշանակեալ վարչապետին կողմէ կառավարութեան կազմութեան պարագային նախարարութիւններու հերթագայութեան պայմանը պարտադրուած է իր պատկանած քաղաքական կողմին նախագահին կողմէ:
«Լիբանանի քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու համար քաղաքական ուժերը պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն, իսկ արգելքներ ստեղծողն է, որ ազգային ուխտէն կը շեղի եւ արհեստական գործելակերպեր կը ձեւաւորէ», ըսաւ համախմբումին նախագահը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութիւնը կը հակադրուի քաղաքական թիրախ դարձնելու կամ իրաւազրկելու արարքին հետ: «Հետեւաբար հարց կու տանք, թէ արդեօք քանի մը ամսուան համար կատարուելիք հերթագայութիւնը նախարարներուն արդիւնաբեր աշխատանքին հետ չի հակադրուի՞ր», հարց տուաւ ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը դժուարացնելու այս արարքներուն յետին նպատակը նախագահական ընտրութիւնը հարուածել է եւ անիշխանութեան յանգիլը, ապա անիկա աւելի վտանգաւոր է:
Ան զգուշացուց շատ զգայուն եւ վտանգաւոր այս հանգրուանին ազգային սկզբունքները խախտելու փորձերէն:

