ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Մտահոգուած Է Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Գօտիին Մէջ Լարուածութեան Սրումով

Տիտիէ Պուրխալթեր

Տիտիէ Պուրխալթեր

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի գօտիին մէջ լարուածութեան սրումով:

Ան ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է ազրպէյճանական եւ հայկական զօրքերու սահմանագիծին վրայ զինուորներու եւ քաղաքացիներու շարքին արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն առնչութեամբ:

«Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահ` կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ ամբողջապէս օգտագործելու այն արժէքաւոր կարելիութիւնները, որոնք կ՛ընձեռեն ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներու այցելութիւնները սահման` լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով իրարու հետ անմիջական կապի հաստատման համար», ըսած է Պուրխալթեր:

Share this Article
CATEGORIES