«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Սիթիի 39-րդ Յաղթանակը

durant«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ:

Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր 39-րդ յաղթանակը (բոլոր խումբերուն մէջ ամէնէն շատը), երբ 86-77 արդիւնքով յաղթեց Մեմֆիս Կրիզլիզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 31 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ:

Տուայն Ուէյտի նշանակած 30 կէտէն օգտուելով` անոր կազմը` Մայեմի Հիթ, 102-96 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 98-79
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 100-90
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 108-102
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 102-96
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Եորք Նիքս 101-98
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ 102-95
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ 86-77
Տալաս Մավըրիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 124-107
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 116-115
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Եութա Ճեզ 94-79
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շիքակօ Պուլզ 99-70

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Շիքակօ Պուլզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց

 

Share this Article
CATEGORIES