Արարատ Առաքելեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ալաշկերտի Հետ

arakelianArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արարատ Առաքելեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ալաշկերտի հետ: Ան ընթացիկ ախոյեանութեան աշնանային շրջանին մաս կը կազմէր Գանձասար Կապանի:

Ալաշկերտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 30 տարեկան Առաքելեան Անթալիոյ մէջ կատարած ուսումնամարզական հաւաքէն Երեւան վերադառնալէն ետք ստորագրեց այս պայմանագրութիւնը:

Նշենք, որ 10 փետրուարին Ալաշկերտ դարձեալ պիտի մեկնի Անթալիա` ուսումնամարզական երկրորդ հաւաքի մը համար:

Share this Article
CATEGORIES