Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոն – «Սթար» Ընկերութիւն Համաձայնագիրի Կնքում

ping-pongԻնչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին կատարեց 2013 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու տիտղոսներուն տիրացողներուն:

Այս հանդիսութեան ընթացքին ֆետերասիոնը չորս տարուան համաձայնագիր կնքեց մարզական ամէն տեսակի գոյքեր վաճառող «Սթակ» ընկերութեան հետ` ներկայութեամբ ընկերութեան նախագահ Վիվաք Քուհլիի, որ այս առիթով հնդկաստանէն ժամանած էր Լիբանան: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչը` «Քուփալի Սփոր» վաճառատան սեփականատէր Ճօ Քուփալի:

«Սթակ» անհրաժեշտ բոլոր տեսակի մարզական գոյքերը եւ կազմածները պիտի տրամադրէ ֆետերասիոնին այդ չորս տարուան ժամանակամիջոցին:

Share this Article
CATEGORIES