Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօրուան ծանր կարծուած ձեր աշխատանքը դիւրութեամբ պիտի աւարտէք: Ձեր մտահոգութինը զուր պիտի ըլլայ: Մնացէք իրապաշտ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անուշ լեզուով խօսող անձերուն շատ մի՛ հաւատաք, այդպիսիք իրենց շահին համար կը ջանան ձեր զգացումները փափկացնել: Դիւրահաւան ըլլալու օրը չէ, արթնամտութիւնը լաւ օժանդակ մըն է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր որոշումէն ետ մի՛ դառնաք: Մի՛ կարծէք, որ սխալած էք: Կողմնակի լսուած խօսքերուն կարեւորութիւն մի՛ տաք, ձեր ներքին ձայնին հետեւեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր ծրագիրը արագ լուծում մը գտնէ, առաջին քայլը դուք առէք դէպի այն անձը, որմէ կախեալ է յաջողութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խումբով աշխատանքը ունի իր դրական եւ բացասական երեսները: Նկատի առէք դրականը, մնացեալը թողուցէք մէկ կողմ, կարեւորութիւն մի՛ տաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կատարելապաշտ էք, կը ձգտիք կատարեալին, բայց եթէ քիչ մը նուազ ըլլայ ձեր բաղձանքէն, լուրջ հարցի մի՛ վերածէք, յարմարեցէք կացութեան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր իրագործումները պիտի յաջողին: Պիտի շնորհաւորեն ձեզ ձեր նոր իրագործումներուն համար: Շարունակեցէք սկսուած աշխատանքը, օրը բարի է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամը ուժ մըն է, երբ լաւ եւ տեղին օգտագործէք. այսուհանդերձ, ան ամէն ինչ չէ: Կեանքի մէջ կան նաեւ այլ ուժեր, բարոյական իմաստով: Զանոնք օգտագործեցէք ձեր շրջապատին մէջ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը եւ ապա կատարեցէք ձեր ծրագիրը: Խոհեմութեամբ շարժեցէք ձեր աշխատանքին մէջ եւս:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վիճակահանութեան տոմս մը առէք եւ յոյսով մնացէք: Յոյսն ալ գոհունակութեան հիմնական զօրութիւնն է: Երազելը ձեզ կրնայ առաջնորդել դէպի ուրախութիւն եւ գեղեցիկը գնահատելու զգացողութիւն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաշուետու պիտի ըլլաք այսօր ուսումնական կամ առեւտրական գործունէութեան մը առիթով: Երկու պարագային ալ մնացէք արթուն, կեդրոնացած:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրային հանդիպում մը կրնաք ունենալ անծանօթ շրջանակի մը մէջ: Ընդառաջեցէք ձեզի ուղղուած ճաշի հրաւէրին: Անտարբեր մի՛ ըլլաք նման պարագաներու: Ժպտուն եղէք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )