Այսօր Պիտի Կատարուի Կազային Համաձայնագիրներուն Գծով Յանձնախումբ Ստեղծելու Վերաբերեալ Քուէարկութիւնը. Հանրապետականը Դէմ Կ՛արտայայտուի Յանձնախումբի Ստեղծման
Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Ժառանգութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ ՀՅԴ-ն, կ՛ուզեն առաջարկուող յանձնախումբի միջոցով ստանալ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները. 2011-էն ինչպէ՞ս գոյացած է 300 միլիոն տոլար պետական պարտքը, որուն դիմաց ռուսական կողմին փոխանցուած է «Հայռուսկազարդ»-ի մէջ Հայաստանի կառավարութեան ունեցած վերջին 20 առ հարիւր բաժնեմասը, ինչո՞ւ Հայաստանի սահմանին 159 տոլար արժող կազը բնակչութեան 110 առ հարիւրով աւելի սուղ` 380 տոլարով կը հասնի, ինչո՞ւ կառավարութիւնը երաշխաւորեց, որ մինչեւ 2044 թուականը ռուսական կազ պիտի գնէ միայն «Կազփրոմ»-էն:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Գագիկ Մինասեան երէկ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իշխող կուսակցութիւնը դէմ է կազամատակարարման մարզը ուսուսմնասիրող ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման: «Բնականաբար այսքանէն ետք մենք դէմ պիտի քուէարկենք», ըսաւ ան:
Խորհրդարանական չորս ուժերը կը կարծեն, որ իշխանութիւնը չ՛ուզեր յանձնախումբ ստեղծել, հարցը բաց քննարկել, որովհետեւ կազային համաձայնագիրները իրականութեան մէջ մութ գործարք կը թաքցնեն:
«Ես իմ վրաս պատասխանատուութիւնը կը վերցնեմ, կ՛ըսեմ, թէ ինչ կրնամ ենթադրել, ուղղակի գրպանուած է այդ դրամը: Երկրորդ, ասիկա քաղաքական նպատակ ունէր, որովհետեւ ապրիլ 2011 թուականին սկսած էր թանկացումը: Ապրիլ 2011-ին արդէն սկսած էր Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութիւնը, այնուհետեւ` նախագահի ընտրութիւնը: Դուք թաքցուցիք ատիկա, որպէսզի պահէք իշխանութիւնը», յայտարարեց Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեան:
«Թաքուն պահելու գինը կը վճարեն: Բայց գինը կը վճարեն ժողովուրդի հաշուոյն: Մենք թաքուն պահած ենք, «Կազփրոմ»-ը, Ռուսիան բարեխղճօրէն կատարած են այդ պայմանաւորուածութիւնը, հիմա ալ անձնատուական պայմաններով կը պահանջեն ստորագրել համաձայնագիր մը, որ աշխարհին մէջ տեսնուած չէ: Աւելի լաւ էր քսան տոկոսը նուիրէինք: Աւելի արժանապատիւ էր», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Ոչ իշխանական ուժերը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Օրինաց երկրին Ազգային ժողովի ամպիոնէն զգուշացուցին` մի՛ ստիպէք փողոց դուրս գալ: Ռուբէն Յակոբեան յայտնեց, որ օր առաջ Հայաստանի մէջ պէտք է իշխանափոխութիւն իրականացնել: Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւորը ըսաւ. «Կա՛մ հարցին պատասխանը պիտի փնտռենք Ազգային ժողովին մէջ, կա՛մ պէտք է հասկնաք, որ հարցումներուն պատասխանները ստանալու համար ժողովուրդը ստիպուած պիտի ըլլայ դուրս գալ փողոց»:
«Քաղաքական այն ուժերը, որոնք մտահոգ են երկիրը այս վիճակէն դուրս բերելու համար, ժամանակն է, որ իրապէս ձեռնարկեն յստակ քայլեր, այլապէս վաղը ուշ պիտի ըլլայ», գործընկերներուն մտահոգութիւնը կիսեց Նայիրա Զոհրաբեան:
Հարցին քուէարկութիւնը այսօր տեղի պիտի ունենայ:

