Նորաձեւութեան Աշխարհէն. Փողոցային Նորաձեւութիւն Կամ` Սթրիթ Ֆեշըն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

street-fashion2prague-streetfashion-5Փողոցային նորաձեւութիւնը ժողովրդական երեւոյթ է: Անոր ակունքները կու գան 60-ական տարիներէն: Զարգացած երկիրներու տնտեսութեան զարգացումը, միջին դասակարգի ամրապնդումը, երաժշտութեան եւ արուեստներու նոր ուղղութիւնները սրեցին սերունդներու միջեւ բախումները: Երիտասարդներուն բնորոշ է ամէն հինի մերժումը եւ փորձարկումներու հանդէպ սէրը: Եւ ահա սեփական կերպարը կը դառնայ սեփական ըմբոստութեան արտայայտութիւնը: Հագուստը կը դառնայ հաղորդակցութեան լեզու: Ահա կը ծնի «Սթրիթ ֆեշըն»-ի նախահայրը` հիփփի ոճը իր վառ եւ արտայայտիչ հագուստներով եւ աքսեսուարներով: Փանքի եւ տիսքօ ժամանակաշրջանները վերջնականապէս ձեւաւորեցին սթրիթ ֆեշընը:

Փողոցային նորաձեւութիւնը հակադրութիւնն է պաշտօնական նորաձեւութեան: Փողոցը` նորաձեւութեան հարթակին դէմ: Փողոցային նորաձեւութեան համար այդքան ալ կարեւոր չէ, թէ արդեօք հագուստը կը պատկանի որեւէ յայտնի վաճառանիշի՞, թէ՞ գտնուած է մեծ մայրիկին սնտուկին մէջէն…

Ոճային, արտասովոր մարդիկ գրաւեցին լուսանկարիչներու ուշադրութիւնը: 1980-ականներուն փողոցային նորաձեւութեան լուսանկարները տարածուեցան Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

street-fashion4Street-fashion3Փողոցային նորաձեւութիւնը տարածուեցաւ ճափոնցի լուսանկարիչ Շոիշի Աոկիի շնորհիւ: 1985-ին ան սկսաւ հրատարակել «Սթրիթ մեկըզին» անունով ամսագիր` անգլիական սթրիթ ֆեշընի լուսանկարներով: Ներկայիս արդէն անհնար է պատկերացնել փողոցային նորաձեւութիւնը` առանց ճափոնական դրսեւորումներու:

Եւրոպական սթրիթ ֆեշընը անշուշտ համեմատաբար զուսպ եւ առօրեայ է, համեմատած` ճափոնականին:

Փողոցային նորաձեւութիւնը այժմ այնքան սիրուած է, որ աշխարհահռչակ ձեւագէտներ սկսած են օգտագործել որոշ տարրեր` իրենց հաւաքածոներուն մէջ:

Փողոցային նորաձեւութիւնը աւելի մատչելի է եւ աւելի ինքնուրոյն, անիկա ունի իր հետեւորդները եւ մարտահրաւէր կը կարդայ պաշտօնական նորաձեւութեան:

 

Հետաքրքրական

«Քոնվըրս» Մարզակօշիկներուն Պատմութիւնը

converse1908 թուականին ձմեռնային կօշիկի արտադրամասի աշխատող ամերիկացի Մարքիս Միլս քոնվըրսը կ՛որոշէ առանձին գործի ձեռնարկել եւ կը հիմնէ ընտանեկան «Քոնվըրս» ընկերութիւնը: Մարզանքի զարգացումն ու Ողիմպիական խաղերու փառքը խթան կը հանդիսանան, որպէսզի Քոնվըրսը մարզական կօշիկներ արտադրէ:

1915 թուականին Քոնվըրսը թենիսի կօշիկներու հաւաքածոյ մը կ՛արտադրէ, իսկ 2 տարի վերջ շուկայ կ՛իջնեն «Օլ սթար» մարզակօշիկները, որոնք կը դառնան դարու առասպելը:

1936 թուականին պասքեթպոլը կ՛ընդգրկուի Ողիմպիական խաղերու ծրագրին մէջ, իսկ առաջին յաղթանակը կը տանի խումբ մը, որուն անդամները կը կրէին «Քոնվըրս» մարզակօշիկները:

Պատերազմէն ետք «Քոնվըրս»-ը դուրս եկաւ  մարզասրահներէն եւ իր արժանի տեղը գտաւ առօրեայ կեանքի մէջ: «Քոնվըրս» մարզակօշիկները որդեգրեց անուանի դերասան Ճէյմս Տինը, իսկ աղջիկները «Քոնվըրս» կը կրէին հագուստներուն հետ: 1960-ական թուականներուն «Քոնվըրս»-ը կը դառնայ Հիփիներու շարժման ուղեկիցը: Անոնք կը պայքարէին մորթէ եւ կաշիէ հագուստներուն դէմ:

1966 թուականին «Քոնվըրս»-ը կը զարգացնէ մարզակօշիկներու գունային տեսականին: Մեր օրերուն «Քոնվըրս»-ի չափազանց ճոխ հաւաքածոյ մը ողողած է շուկան:

20-րդ դարու վերջաւորութեան «Քոնվըրս»-ը չդիմացաւ «Ատիտաս», «Ռիպոք» եւ «Նայք» ընկերութիւններու հետ մրցակցութեան եւ դուրս մնաց մարզական շրջանակներէն: Այժմ «Քոնվըրս»-ը կը շարունակէ արտադրել մարզական տեսականի, սակայն` աւելի թեթեւ մարզաձեւերու համար:

Այսօր «Քոնվըրս»-ը իւրաքանչիւր նորաձեւ զգեստապահարանի մասնիկն է. երիտասարդներու` սիրելին: «Քոնվըրս»-ը ռոք-ն-ռոլականներու, երիտասարդ ու ազատ ոճի խորհրդանիշն է:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածել

Որո՞ւ տունը հին, մաշած ճինզ տաբատ չկայ: Թէեւ մեր օրերուն մաշածն ու պատռածը նոյնքան նորաձեւ են, որքան նորը, սակայն չհագնելու պարագային երբեք չնետէք զանոնք:

Հին ճինզերով կարելի է պատրաստել հազարումէկ բան` բարձի երես, մահճակալի ծածկոց, կնոջական պայուսակ, խոհանոցի գոգնոց, կօշիկ, պնակի տակ դրուող անհատական սփռոց եւ այլն…

Ահաւասիկ` հետաքրքրական նմուշներ, որոնց իրագործումը քիչ մը ժամանակի եւ համբերութեան կը կարօտի: Կ՛արժէ փորձել մէկ քանին:

Tserayin

Խոհագիր

Պիթլիսի Քիւֆթէ

KeufteԱյս կերակուրը մեզի կը յիշեցնէ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանը, որ շատ կապուած էր իր պիթլիսեան արմատներուն, մեծ մայրիկին եւ մօր կերակուրներուն:

Բաղադրութիւն

– Կէս քիլօ կովու մանրածոյ միս
– Երեք քառորդ բաժակ մանր ձաւար
– 4 գլուխ սոխ
– 30 կրամ կարագ
– Կէս փունջ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ լոլիկի ռուպ
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր պղպեղ
– Ձէթ

Պատրաստութիւն

2 գլուխ սոխը մանրել, կարագով տապկել` մինչեւ դեղնի, համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով: Աւելցնել մանրուած ազատքեղը, ձգել որ թառամի, կրակին վրայէն հանել եւ սպասել, որ սառի:

Միսը շաղել ձաւարով, աղել, համեմել, ապա պզտիկ բաժիններ առնել ափին մէջ, փոսիկ բանալ, մէջը սոխով միջուկէն լեցնել եւ գոցել:

Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, պզտիկ դգալ մը աղ աւելցնել եւ քիւֆթէները խաշել, մինչեւ որ ջուրին երեսը ելլեն:

Մնացեալ 2 սոխերը օղակաձեւ կտրտել եւ ձէթին մէջ դեղնեցնել, աւելցնել լոլիկի ռուպը, աղն ու կարմիր փոշի պղպեղը:

Քիւֆթէները շարել ներկայանալի ամանի մը մէջ, զարդարել սոխով եւ լոլիկի ռուպով պատրաստուած թացանով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կտակ

Սիրուն մանկի՛կ, ես գնում եմ, դու գալիս ես այս աշխարհ.
Ճշմարիտն ես փորձով գիտեմ ու խօսքերս մի՛ մոռնար:

Կեանքն է ամպի փախչող ստուեր, վայրկեանն է միշտ իրական.
Բախտի կռանը կամքն է թէեւ, բայց դիպուածն է տիրական:

Զգացմունքն է գերիշխանը, խելքը` նրա լոկ ծառան.
Բայց դո՛ւ խելքդ վրադ պահի՛ր, ինչպէս պողպատ կուռ վահան:

Մի՛ հաւատար ստուերներին, յենուի՛ր միայն քեզ վրայ,
Ատելու չափ սի՛րիր մարդկանց, բայց լաւութիւն միշտ արա:

Եւ լայն օրում թէ` ընկերներ, թէ բարեկամ ճանաչի՛ր.
Իսկ նեղ օրում ընկերների ո՛չ որոնիր, ո՛չ կանչիր:

Խաղերով լի այս աշխարհում խաղդ եթէ տանուլ տաս,
Զուարթ եղի՛ր, ու այդպիսով բախտի վրայ կը խնդաս:

Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի.
Անզղջալի առաջ գնա՛, ինչ որ լինի՛, թո՛ղ լինի:

Լսի՛ր, տղա՛ս, ինձ կը թաղես անյայտ մի տեղ, աննշան,
Որ չիմանան, մարդիկ չգան` շիրմիս քարը գողանան:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES