Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացը Շարունակելու Կոչ` ՄԱԿ-ի Երկիրներուն

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեան 29 յունուարին կոչ ուղղած է կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն` անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ու շարունակելու մարդկութեան դէմ կատարուած այդ հրէշաւոր ոճիրի ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը:

Ան յիշեցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է բազմաթիւ պետութիւններու, միջազգային կառոյցներու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին ու անոր Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան վերացման ենթայանձնաժողովին կողմէ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած «Պատերազմն ու անոր դասերը. յարատեւ խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով քննարկման ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ Նազարեան նշած է, որ հաշտեցման գործընթացը չ՛ենթարկուիր միայն համաձայնագիրներու ստորագրութեան: «Որպէսզի հաշտեցումը լինի տեւական, անհրաժեշտ է ընդունել անցեալը: Միջազգային փորձը ցոյց է տալիս, որ հաշտեցման հարցում յաջողութեան հասած ժողովուրդներն ու ազգերն անցել են արդարութեան վերականգնման ճանապարհով, որը ներառում է նաեւ նմանատիպ ոճիրների հետեւանքների վերացում», յայտնած է ան: Իր ելոյթին մէջ դեսպանը կարեւոր նկատած է նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը միաձայնութեամբ դէմ արտայայտուի պատմութեան աղաւաղման ու ժխտողականութեան:

«Զանգուածային դաժան յանցագործութիւնների անպատժելիութեան վերացումը էական է արդարութեան վերականգնման համար»,  յայտարարած է Նազարեան եւ աւելցուցած. «Այսօր էլ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները կրկնւում են աշխարհի տարբեր մասերում` պատճառ հանդիսանալով հսկայական մարդկային կորուստների, քաղաքական ու տարածաշրջանային յուզումների»:

 

Share this Article
CATEGORIES