Հալէպ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Եւ Հայաստանի Նախագահին Ուղերձը Սուրիահայութեան

halebԿիրակի, 2 փետրուար 2014-ին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին յանձնեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հայրապետական կոնդակը եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը` ուղղուած սուրիահայութեան:

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կոնդակը:

Ան իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները յղած էր սուրիահայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներուն, աշխարհիկ ու հոգեւոր սպասաւորներուն, համայնքային պաշտօնէութեան, ազգային վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, սաներուն եւ համայն սուրիահայութեան:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած էր հայորդիներուն, որոնք, հակառակ դժուար իրավիճակին, առկայ վտանգներուն, անորոշութեան ու փորձութիւններուն, կը շարունակեն արթուն պահել իրենց հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւ զօրաւոր` նախանձախնդրութիւնը` մասնաւորաբար նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն երախտարժան գործը:

«Սիրելի՛ հայորդիներ,

Սուրիահայ գաղութի պատմութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն կատարած են հայկական վարժարանները, ուր կերտուած ու ձեւաւորուած են հայորդիներուն հոգիները, ներշնչուած են մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ: Կոտորածներէն մազապուրծ ու Եղեռն վերապրած ձեր հայրերը ամէն դժուարութիւն ու զոհողութիւն յանձն առին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսման կարօտ չմնան: Այսօր առիթ ունինք դրուատանքով անդրադառնալու, որ նախընթաց տասնամեակներուն ընթացքին Սուրիոյ ազգային վարժարանները կրթած են փայլուն սերունդներ, որոնք Սուրիոյ եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած, կը ծառայեն մեր ժողովուրդին ու Ս. եկեղեցւոյ, աւանդ կը բերեն հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան ու գիտութեան զարգացման:

«Վարժարաններու սիրելի՛ սաներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն հայրական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք ձեզի եւ կ՛աղօթենք ձեր ու ձեր ծնողներուն, Սուրիոյ բոլոր մանուկներուն ապահովութեան համար: Թող ձեր ծնողներուն ու ուսուցիչներուն նախանձախնդրութիւնը` հանդէպ կրթութեան գործը, խրախոյս ըլլայ ձեզի համար, որպէսզի շարունակէք ջանադիր սորվիլ` ապագային ձեր կեանքով ու հայրենաշէն գործերով աւանդ բերելու ազգային ու հոգեւոր մեր կեանքի յաւելեալ շինութեան ու պայծառութեան», նշուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը Ամենակալ Աստուծոյ զօրակցութիւնն ու պահպանութիւնը հայցեց սուրիահայ համայնքին համար` մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդով բացուող 2014 թուականը խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերէ Սուրիոյ եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին:

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան նաեւ ընթերցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, ուր ան ջերմօրէն շնորհաւորելով հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն ներկայացուցիչներն ու սաները, համոզմունք կը յայտնէ, որ բարեկամ Սուրիոյ մէջ մօտիկ ապագային պիտի տիրէ սպասուած խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը` ընդգծելով, որ թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ համայն հայութիւնը կ՛աջակցին եւ պիտի աջակցին սուրիահայերուն` վերագտնելու խաղաղութիւնը եւ պահպանելու իրենց օճախները:

Հայկական Մանկական Հեքիաթներու Ընթերցում

1609658Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մեծագոյն առաքելութիւնը եղաւ տէր կանգնիլ հայ մշակոյթին ու փոխանցել զայն նորահաս սերունդին: Այս սկզբունքով տասնեակ տարիներ գործած է Համազգայինը եւ անոր նուիրեալ փաղանգը, նոյնիսկ ամէնէն դժուար ու տագնապալի օրերուն:

Ահա այս մեկնակէտէն ելլելով եւ Հալէպի ապրած դժնդակ ու դժուար պայմաններէն մեր հայ փոքրիկները գէթ քանի մը ժամ հեռացնելու միտումով 23 յունուար 2014-ին` յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Հալէպի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մանկական հեքիաթներու ընթերցում:

Ներկայ էին նախակրթարաններու Ա., Բ., Գ. եւ Դ. կարգի մօտ հարիւր աշակերտներ, որոնք լարուած եւ ուշադրութեամբ լսեցին «Խնդացող ծերունին», «Պոչատ աղուէսը», «Ճշմարտախօսը եւ ստախօսը» եւ «Տիգրանը լուսնին վրայ» հեքիաթները:

Հռիփ Մելքոնեան եւ Մեղրի Պաքքարեան իրենց իւրայատուկ ոճով փոքրիկներուն պատմեցին, մինչ միւս կողմէ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր հեքիաթներուն առնչուող նկարները: Անոնք կրցան փոքրիկները մագնիսացնել եւ զանոնք մեր հայկական հեքիաթներու մէջ ներառել` փոքրիկները ինքնաբերաբար փոխադրելով հեքիաթներու աշխարհ:

Ահա կարդալը սիրել տալու միջոց մը: Աշակերտները ունկնդրելէ ետք մատուցուած հեքիաթները, իրենց տպաւորութիւնները գծագրեցին իրենց տրամադրուած թուղթերու վրայ:

Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը անվճար էր, փոքրիկները նաեւ հիւրասիրուեցան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )