ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ, Համայնքը Յարգեց Նահատակ Զինուորին Յիշատակը
Կիրակի, 26 յունուար 2014-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին խնդրանքով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նահատակ հերոս Արմէն Յովհաննիսեանին համար: Պատարագի ընթացքին, Արմէն Յովհաննիսեանին եւ ընդհանրապէս հայ հերոսներու սխրանքը փառաբանեց օրուան քարոզիչ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանը:
Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ կազմակերպած էր յարգանքի եւ յիշատակի հաւաք մը` նոյն օրը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող խաչքարին առջեւ, յաւարտ սուրբ պատարագին:
Հաւաքին բացումը կատարեց Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային յարաբերութեանց բաժինի պատասխանատու Սարօ Նազարեան:
Դաշնակցական երիտասարդութեան կողմէ խօսք առաւ Դաւիթ Առաքելեան:
«Աստծու սուրբ տաճարի առջեւ կանգնած` շատ կը ցանկանայի ձեզ հետ խօսել խաղաղութեան, հանդուրժողականութեան, մարդասիրութեան մասին: Բայց աւա՜ղ, այդ վեհ գաղափարների շուրջ այսօր խօսել չեմ կարող: Չե՛մ կարող, որովհետեւ իմ սրտում խաղաղասիրութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը նահանջել են եւ տեղ են տուել ծայրայեղ զայրոյթին ու խոր ցաւին: Ես ցաւում եմ այն մօր համար, ով իր առիւծ-որդուն է կորցրել անհաւասար եւ դաժան կռւում: Եւ ձեր բոլորի նման, անչափ զայրացած եմ բարբարոս թշնամու անգթութեան եւ լուռ աշխարհի անտարբերութեան վրայ», յայտարարեց Դաւիթ Առաքելեան:
Շարունակելով իր խօսքը` ան իր զայրոյթն ու զարմանքը յայտնեց այն փաստին առթիւ, որ` «իրենց տաք եւ ապահով գրասենեակներում նստած Մինսքի խմբի եռանախագահների ներկայացուցիչները ամէն անգամ կողմերին զսպուածութիւն դրսեւորելու կոչեր են անում` անտեսելով այն փաստը, որ այս հակամարտութեան միայն մէկ կողմն է, որ անզուսպ է, անգութ է, անիրաւ է եւ անօրէն, եւ դա մեր կողմը չի՛»: Առաքելեան շեշտեց, որ` «մենք պէտք է գիտակցենք, որ Արցախում պարտութիւն կրած, բայց նաւթատոլարներով ողողուած եւ մինչեւ ատամները զինուած Ազրպէյճանը շարունակելու է իր սադրանքները: Եւ այդ իրավիճակը մեր ազգին եւ մանաւանդ` մեր երիտասարդներին պարտաւորեցնում է նոր նուիրումով լծուել գործի, որպէսզի մենք կարողանանք պաշտպանել մեր հայրենիքը:
«Արմէնի մահը մեր բոլորի եւ մասնաւորապէս` հայ երիտասարդութեան համար, սթափուելու ահազանգ պէտք է լինի: Արմէն Յովհաննիսեան մեր բոլորի համար պէտք է դառնայ անձնազոհութեան, խիզախութեան եւ հայրենասիրութեան վառ օրինակ: Այսօր, ինչպէս երբեք, բազմաթիւ դժուարութիւնների առջեւ կանգնած մեր բազմաչարչար ժողովուրդին օդի եւ ջրի պէս պէտք են վեհութեան այդպիսի օրինակներ: Կարծում եմ, որ այս շաբաթ բոլորս զգացինք, թէ ինչքա՛ն քիչ է իրականում այն, ինչ մենք ենք անում` համեմատած Արցախն ու Հայաստանը ապահով պահող մեր զինուորների ամէնօրեայ սխրագործութիւններին: Ուրեմն, եկէք` ինքներս մեզ խոստանանք, որ աւելի՛ն պէտք է անենք, աւելի մեծ եռանդով պէտք է աշխատենք, աւելի շատ զոհաբերենք, որպէսզի մեր թշնամիները ոչ մի պահ չկասկածեն, թէ պահանջատէր հայ ազգը շարունակելու է պայքարել իր հայրենիքի ազատագրման, իր իրաւունքների, իր արդար դատի համար:
«Թող թուրքն իմանայ, որ հայոց հողից եւ հայ ժողովրդից միշտ էլ ծնուել եւ դեռ ծնուելու են նոր Արմէններ, որոնք վառ են պահելու մեր աշխարհասփիւռ ժողովրդի դարաւոր երազանքը:
«Արմէ՛ն ջան, զինուոր ջան, թող հայոց սուրբ հողը թեթեւ լինի քո վրայ: Մենք հպարտ ենք քեզմով: Ննջիր հանգիստ եւ իմացիր, որ գալու է այն օրը, երբ մենք քո եւ մեր բոլոր սուրբ նահատակների համար մատուցուող հոգեհանգիստը կատարելու ենք մեր ազատագրուած Անիի մայր տաճարում: Հաւատա՛, որ գալու է այդ օրը, որովհետեւ դեռ գալու են քո նման նոր Արմէններ: Դեռ գալու են այն Արմէնները, ովքեր Արցախին են միացնելու Գանձակն ու Նախիջեւանը: Գալու են նոր Արմէններ, ովքեր գերութիւնից վերադարձնելու են մեր Կարսն ու Վանը: Գալու են Արմէններ, ովքեր մեր սուրբ Եռագոյնն են բարձրացնելու Մասիսի կատարին: Եւ գալու է այն օրը, երբ Արմէնների օրինակով ոգեշնչուած հայ ժողովրդի զաւակները ազատագրելու են մեր բռնագրաւուած հայրենիքը եւ կերտելու են մեր բոլորի երազած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը»:
Ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները դատապարտող Հայ վեթերաններու միութեան յայտարարութիւնը կարդաց նոյն միութեան նախագահ Վիգէն Ղազարեանը: Ապա «Մշակ բանուոր» երգով ելոյթ ունեցաւ Սալբի Մայիլեան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ խօսք առաւ Աւետիք Իզմիրլեան: «Հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար գերագոյն զոհողութիւն կատարելու յանձնառութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արժէքային համակարգի բարձրագոյն կէտերէն է», ըսաւ Իզմիրլեան` նահատակ հերոս Արմէն Յովհաննիսեանը նկատելով այդ արժէքի կրողներէն մէկը:
Յարգանք յայտնելով Հայաստանի ու Արցախի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին զոհուած հայ բոլո՛ր նահատակներուն` Իզմիրլեան շեշտեց, որ հայ ազգի արգանդէն միշտ ալ ծնունդ առած են գաղափարի մարտիկներ, որոնք պայքարած են մեր ժողովուրդի ազատագրութեան համար` Սասնոյ լեռներէն մինչեւ սփիւռք, մինչեւ Արցախ, զոհաբերութեան ու նահատակութեան հերոսական պատմութիւն կերտելով:
«Հո՛ս, հպարտութեամբ պէտք է յայտարարենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը եղաւ այն օրինակելի համայնքներէն, որոնց շարքերէն բազմաթիւ կամաւորներ Արցախի ազատագրութեան պայքարին իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այս հայորդիները իրենց կեանքի հանգիստ պայմանները արհամարհելով` մեկնեցան Արցախ ու մասնակցեցան ազատագրական մարտերուն: Այո՛, այս համայնքը Արցախի հետ ամուր կապեր հաստատած է ազատագրութեան պայքարի առաջին իսկ օրերէն, եւ այսօր ալ այդ կապերը կը շարունակէ ամուր պահել` իր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով Արցախի հզօրացման ծրագիրներուն», ըսաւ ան:
Իզմիրլեան նաեւ շեշտեց համայնքին միասնութեան կարեւորութիւնը` Արցախի պետականութիւնը հզօրացնելու ու զայն աշխարհին կողմէ ճանչնալ տալու աշխատանքներուն համար: Ան անթոյլատրելի համարեց համայնքին միասնականութիւնը խոչընդոտելու գծով որոշ ուժերու փորձը ու զգաստութեան հրաւիրեց այդ գործելակերպով մեր ժողովուրդին հաւաքական ուժը թուլացնողները:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը իր խօսքը աւարտեց փառք ու պատիւ տալով հայ հերոսներուն ու խոնարհելով անոնց յիշատակին առջեւ:

