Հրանդ Տինքի Անուան «Ազատութեան Ժառանգ» Շքանշանի Տուչութիւն Խաչիկ Մուրատեանի
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 19 յունուարի երեկոյեան ժամը 5:00¬ին Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 7-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւն` ներկայութեամբ կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, նաեւ` հարիւրաւոր ամերիկահայերու:
Բացման խօսքը արտասանեց Պոլսահայ միութեան ատենապետ տոքթ. Օհաննէս Քուլաք Աւետիքեան. առաջին բանախօսն էր Էտվին Մինասեան, որուն յաջորդեց ներկայացում մը` Այտա Էրպալի կողմէ, որ շեշտը դրաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայերուն կացութեան վրայ:
Ձեռնարկի հիմնական բանախօսն էր Խաչիկ Մուրատեան, որ իր խօսքը փոխանցեց փաուըրփոյնթի ներկայացման ընկերակցութեամբ` իբրեւ հիմնական խորագիր ունենալով «Փնտռելով Արեւմտահայաստանը` Թուրքիոյ մէջ»: Խ. Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն հայերուն ճակատագիրն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, հայկական գիւղերուն եւ քաղաքներուն մշակութային եւ պատմական աւանդը` դիտել տալով, որ այս բոլորին լոյսին տակ Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը դասեր ունին քաղելիք:
Ապա Պոլսահայ միութիւնը Խաչիկ Մուրատեանը պարգեւատրեց Հրանդ Տինքի անուան «Ազատութեան եւ արդարութեան ժառանգ» առաջին շքանշանով: Խ. Մուրատեան դոկտորական թեկնածու է Քլարք համալսարանին մէջ, կը դասաւանդէ Ռաթկըրզ եւ Ուստըր Սթէյթ համալսարաններուն մէջ: Ան գլխաւոր խմբագիրն է «Արմինիըն ուիքլի» շաբաթաթերթին (Պոսթըն):
Անկէ ետք կարճ խօսքերով հանդէս եկան Ալեք Էկինլի, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Հայ իրաւաբաններու կաճառի ատենապետ Կարօ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ` տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

